Monday May 20, 2013

Ընդհանուր Դատախազը Կ՛իրազեկէ Նետիմ Քըթէյշի Մասին

By adminx - Tue Oct 30, 7:42 am

Ընդհանուր դատախազ Հաթեմ Մատի Քրէական ոստիկանութեան կեդրոնական գրասենեակը իրազեկած է լրագրող Նետիմ Քըթէյշի մասին` նկատի ունենալով, որ հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի յուղարկաւորութեան ընթացքին Քըթէյշ ճառախօսներէն մէկն էր եւ անոր յայտարարած կոչերուն իբրեւ հետեւանք դէպի վարչապետարան ներխուժումի փորձ կատարուած էր: Իրազեկումը կատարուած էր անհրաժեշտ հետաքննութիւնները կատարելու նպատակով:

Միւս կողմէ, Մատի յայտնեց, որ Զահլէի բանտին մէջ գործուած ոճիրին պատճառով Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր իսկոյն հետաքննութիւն բացած է բանտին պատասխանատու սպաներուն նկատմամբ եւ բանտին մէջ կռիւը պատճառող արգելափակեալները հարցաքննութեան կանչած է:

Դատախազ Մատի յայտնեց, որ ձերբակալուած պահակներն ու բանտին պատասխանատուները թերացած են եւ բացթողումներ արձանագրած:

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement