Քարամէ. «Ապահովական Առումով Թրիփոլին Թիրախ Է Եւ Պէտք Է Վերջ Տալ Զինեալ Բախումներուն»
By adminx - Tue Oct 30, 7:41 am
- 0 Comments
- 12 views
- Tweet
Email
Print
Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ խստիւ դատապարտեց Թրիփոլին թիրախ դարձնելու փորձերը` աւելցնելով, որ ապահովական առումով Թրիփոլին թիրախ է եւ պէտք է վերջ տալ զինեալ բախումներուն:
Քարամէ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ոչ ոք կրնայ ուրիշը ջնջել` աւելցնելով, որ ժողովուրդին դէմ զինեալ յարձակումներ գործելու եւ քաղաքացիներուն ինչքերն ու կեանքերը թիրախ դարձնելու քայլը մերժելի է եւ անհրաժեշտ է նման քայլերու վերջ մը տալ, ինչպէս որ էր պարագան Պէյրութի մէջ:
- 0 Comments
- 12 views
- Tweet
Email
Print



