Thursday May 23, 2013

Ռայի Պատրիարքը Ատհայի Տօնին Առիթով Շնորհաւորեց Հանրապետութեան Միւֆթին

By adminx - Tue Oct 30, 7:37 am

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի հետ, որուն փոխանցեց իր շնորհաւորութիւնները` Ատհայի տօնին առիթով: Ռայի պատրիարքը մաղթեց, որ Լիբանան  վերստանայ իր ապահովական կայունութիւնը:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիէն, որ շնորհաւորեց Ռայի պատրիարքը` կարտինալ ընտրուելուն առիթով:

Այս շրջագիծին մէջ Ռայի պատրիարքը իր կարգին Ատհայի տօնին առիթով շնորհաւորեց Պըրրին:

 

Leave a Reply

Advertisement