Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
By adminx - Tue Oct 30, 7:34 am
- 0 Comments
- 11 views
- Tweet
Email
Print
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի ապահովական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ գործակցութիւնը:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան միջեւ ուղղակի թէ անուղղակի բոլոր կապերը խզուած են:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի սպանութեան քաղաքական եւ բարոյական պատասխանատուութիւնը կը կրէ: Ան նշեց նաեւ, որ յառաջիկայ չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական յանձնախումբերու դիւաններու նիստին Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու անդամ երեսփոխաններուն մասնակցութեան հարցը տակաւին կը քննարկուի:
ԿԸ նախատեսուի, որ կառավարութեան գումարելիք վաղուան նիստին ընթացքին դիւանագիտական եւ դատական իշխանութիւններու անձնակազմերու նշանակումներ կատարուին:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակը ձերբակալած է Պաղեստինի ազատագրութեան ազգային ճակատի պատասխանատուներէն մէկը` Իսրայէլի հաշուոյն գործակալութիւն կատարելու յանցանքով:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ իր կարծիքով, ներկայ կառավարութիւնը ձախող կառավարութիւն մըն է, սակայն ինք համաձայն է, որ կառավարութիւնը իր գործունէութիւնը շարունակէ` արգիլելու համար Լիբանանի մէջ ստեղծուելիք անիշխանութիւնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Զահրաման կառավարութենէն պահանջեց հիւսիսային Լիբանանի եւ Սուրիոյ սահմաններուն վրայ լիբանանեան բանակի տեղակայումը` արգիլել կարենալու համար դէպի Սուրիա զէնքի մաքսանենգումը:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդական Մոհամետ Շաթահ յայտնեց, որ հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի սպանութեան նպատակն էր երկրին ապահովական կացութիւնը հակակշիռի տակ առնել:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման խիստ նեղացած է նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի բանավէճէն եւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է անոնց հետ` հանդարտեցնելու համար անոնց միջեւ լարուածութիւնը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Ապտել Մեժիտ Սալեհ յայտնեց, որ լիբանանցիները իրենց տարակարծութիւնները լուծելու շրջագիծին մէջ Ազգային երկխօսութեան միջոցէն բացի ոչ մէկ միջոց ունին:
- 0 Comments
- 11 views
- Tweet
Email
Print



