Քաթարի Իշխանէն Ետք Պահրէյնի Թագաւորը Հինգշաբթի Օր Կազա Պիտի Այցելէ
By adminx - Tue Oct 30, 7:32 am
- 0 Comments
- 45 views
- Tweet
Email
Print
Հիւսիսային Սինայի մէջ լաւատեղեակ աղբիւրներ քուէյթեան «Ժարիտա» օրաթերթին յայտնեցին, որ Պահրէյնի թագաւոր Համատ պըն Իսա Ալ Խալիֆա յառաջիկայ հինգշաբթի օր Կազա պիտի այցելէ: Ան Կազա մուտք պիտի գործէ Ռաֆահի անցքին ճամբով:
Օրաթերթը հաղորդեց, որ 14 անձերէ բաղկացած պահրէյնեան պատուիրակութիւն մը երէկ պիտի հասնէր Կազա` պատրաստելու համար թագաւորին գլխաւորութեամբ քսան պահրէյնցի անձնաւորութիւններու այցելութիւնը:
Թագաւորը Կազայի մէջ պիտի այցելէ ծրագիրներ, (մասնաւորաբար Կազայի մէջ մեծագոյնը նկատուող Մանամա դպրոցը), որոնց ֆինանսաւորումը ստանձնած է թագաւորութիւնը:
Նշենք, որ սէուտական «Ռիատ» օրաթերթը եւս երէկ նոյն տեղեկութիւնները հաղորդեց:
- 0 Comments
- 45 views
- Tweet
Email
Print



