Wednesday Jun 19, 2013

«Սուրիական Տագնապը Շատ Վտանգաւոր Է, Եւ Կացութիւնը Հետզհետէ Կը Բարդանայ Ու Կը Վատթարանայ» Ըսաւ Իպրահիմի

By adminx - Tue Oct 30, 7:28 am

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի հետ Մոսկուայի մէջ իր հանդիպումէն ետք միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ զինադադար հաստատելու` նշելով, որ «պէտք է Ժընեւի համաձայնութեան հիմամբ իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ քաղաքական երկխօսութեան սկսիլ»:

Ան ցաւ յայտնեց Սուրիոյ մէջ Իպրահիմիի առաջարկած զինադադարի ձախողութեան համար` աւելցնելով, որ «չենք գիտեր, թէ Սուրիոյ մէջ զինադադարը ո՛վ խզեց»` սուրիական բոլոր կողմերուն կոչ ուղղելով «այս հոլովոյթին մէջ իրենց ժողովուրդին գթալու»:

Լաւրով ըսաւ, որ «պէտք է Դամասկոսի եւ ընդդիմութեան վրայ ճնշում բանեցնել` զինադադարի հաստատման եւ քաղաքական երկխօսութեան անցնելու համար»: Ան նաեւ ցաւ յայտնեց, որ Ժընեւի համաձայնութիւնը Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ չվաւերացուեցաւ:

Իպրահիմի իր կարգին յայտնեց, որ «Ռուսիա Միջին Արեւելքի մէջ մեծ դերակատար մըն է եւ ուժեղ կերպով ներկայ է»` նշելով, որ «սուրիական տագնապը շատ վտանգաւոր է, եւ կացութիւնը հետզհետէ կը բարդանայ ու կը վատթարանայ»:

«Սուրիոյ մէջ զինադադար հաստատելու կոչը չընդառաջուեցաւ, ինչպէս որ պէտք էր», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «Սուրիոյ մէջ կարիքը կայ իսկական բարեփոխումներու եւ ոչ թէ գեղեցկագիտական»: Իպրահիմի նշեց, որ ՄԱԿ ներկայիս խաղաղապահ ուժեր Սուրիա ուղարկելու մտադրութիւն չունի:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ Ատհայի զինադադարի ձախողութեան պատճառով յուսախաբ է` Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղելով տէր կանգնելու իր պատասխանատուութեան եւ հարցերը զինադադարի հաստատման ուղղութեամբ յառաջ մղելու:

Ան ընդգծեց, որ «այս տագնապը կարելի չէ յաւելեալ զէնքերով ու արիւնահեղութեամբ լուծել»:

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սուրիոյ բանակը հարուածած է Թուրքիոյ սահմանամերձ շրջանին մէջ գտնուող իր սեփական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը, որպէսզի անոնք սուրիական զինեալ ընդդիմութեան ձեռքը չիյնան: «Անատոլու» կը նշէ, որ Սուրիոյ բանակին եւ ընդդիմադիր զինեալներուն միջեւ Իտլիպ քաղաքին մօտ բուռն բախումներ տեղի կ՛ունենան, եւ ճիշդ այդ տարածքին մէջ է, որ հակաօդային համակարգերը ռմբակոծուած են:

Միւս կողմէ, Սուրիայէն արձակուած հրասանդի չորս հրթիռներու Ալեքսանտրէթ նահանգին մէջ իյնալէն ետք, թրքական բանակը հակադարձած է: Ալեքսանտրէթի մէջ ինկած հրթիռները վիրաւորներ չեն պատճառած:

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement