Ֆրանսացիներուն 64 Առ Հարիւրը Հոլլանտէն Դժգոհ Է
By adminx - Tue Oct 30, 7:23 am
- 0 Comments
- 37 views
- Tweet
Email
Print
«Եուրոմակ» կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցած վերջին հարցախոյզին արդիւնքները ցոյց կու տան, թէ ֆրանսացիներուն 64 առ հարիւրը դժգոհ է գործող նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտէն:
Բացի համընդհանուր դժգոհութենէն, Հոլլանտ բացասական վարկանիշ ստացած է իր գործունէութեան գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ: Ֆրանսացի փորձագէտները նշած են, որ հազուագիւտ երեւոյթ է, երբ նախագահը այսպիսի բացասական արդիւնքներ կ՛արձանագրէ պաշտօնավարման այսպիսի կարճ ժամանակաշրջանի ընթացքին:
Ըստ ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթին հրապարակած տուեալներուն, ֆրանսացիները ամէնէն քիչ կը վստահին իրենց նախագահին` գործազրկութեան դէմ պայքարի (69 առ հարիւր) եւ հարկային քաղաքականութեան (66 առ հարիւր) հարցերուն մէջ: Բացի ատկէ, ֆրանսացիներուն 63 առ հարիւրը նշած է, որ Հոլլանտը ընդհանրապէս չի հետեւիր նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին իր տուած խոստումներուն:
Միւս կողմէ, նախագահը զգալի յաջողութիւն արձանագրած է կրթական համակարգի բարելաւման եւ արտասահմանի մէջ Ֆրանսայի շահերու ներկայացման հարցերուն մէջ:
- 0 Comments
- 37 views
- Tweet
Email
Print



