Թուրքիոյ Մէջ Հանրապետութեան Տօնը Կը Նշուի Ոստիկանութեան Եւ Կառավարութեան Դէմ Բողոքող Ցուցարարներու Միջեւ Բախումներով
By adminx - Tue Oct 30, 7:23 am
- 0 Comments
- 55 views
- Tweet
Email
Print
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Անգարայի մէջ ցուցարարներու եւ ոստիկաններու միջեւ բախումներ տեղի ունեցած են: Թուրքիոյ տարբեր նահանգներէն եկած հազարաւոր մարդիկ հաւաքուած են Անգարայի Ուլուս թաղամասին մէջ` Թուրքիոյ Հանրապետութեան 89-ամեակին առիթով երթի մասնակցելու:
Ըստ «Թուտէյզ Զաման»-ի, երթը կազմակերպած են 30-է աւելի հասարակական կազմակերպութիւններ: Ըստ նոյն աղբիւրին, այս բախումները «մթագնած են տօնը»: Երթը իշխանութիւններուն կողմէ արգիլուած է` ապահովական նկատառումներով: Ըստ աղբիւրին, հանրահաւաքի արգիլման հարցին մէջ շահագրգռուած եղած է վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կառավարութիւնը, որ վերջերս բուռն կերպով կը քննադատուի թէ՛ Սուրիոյ եւ թէ՛ քրտական հարցերով իր վարած քաղաքականութեան համար:
Ըստ «Թուտէյզ Զաման»-ի, հաւաքի մասնակիցներուն մէկ մասը փորձած է հասնիլ խորհրդարանի շէնք եւ Աթաթուրքի դամբարան: Թրքական ոստիկանութիւնը ամբոխը ցրուելու համար ջրաշիթեր եւ արցունքաբեր կազ օգտագործած է: Ցուցարարները հակադարձած են ոստիկաններու ուղղութեամբ քարեր, շիշեր ու փայտեր նետելով:
Սակայն բախումներէն ետք ոստիկանութիւնը դէպի Աթաթուրքի դամբարան երթը արտօնած է: Երթին մասնակցած են նաեւ տարեցներ, կիներ եւ երեխաներ:
Ըստ «Հիւրրիյէթ»-ի, բախումները չեն դադրած: Ուլուս ժամանած է Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան` Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլուն: Ան եւս իր թիկնապահներուն հետ չէ խուսափած արցունքաբեր կազէն: Ըստ որոշ տեղեկութեանց, բախումներ տեղի ունեցած են նաեւ Քըլըճտարօղլուի թիկնապահներուն եւ ոստիկաններուն միջեւ:
Երէկ հինգ հազար ոստիկաններ հսկած են Անգարայի մէջ կարգ ու կանոնին: Անոնք 110 փոխադրակառքի արգիլած են մուտք գործել քաղաք: Նոյնպիսի բախումներ տեղի ունեցած են նաեւ Թուրքիոյ շարք մը այլ մեծ քաղաքներուն մէջ:
- 0 Comments
- 55 views
- Tweet
Email
Print



