Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ի Ուաշինկթըն Պարզանիի Յայտնած Է, Որ Իրաքի Մէջ Քրտական Պետութեան Յայտարարութեան Դէմ Է
By adminx - Tue Oct 30, 7:21 am
- 0 Comments
- 25 views
- Tweet
Email
Print
Քիւրտ ղեկավար մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնած է, որ ամերիկեան վարչակազմը Իրաքի մէջ քրտական ինքնավար շրջանի նախագահ Մասուտ Պարզանիին յայտնած է, որ Պաղտատի հետ երկխօսութեան զօրավիգ կը կանգնի, եւ յանձնարարած է Իրաքի մէջ ժողովրդավարական փորձառութիւնը պաշտպանելու համար իրաքեան կուսակցութեանց ղեկավարներու հետ ջանք թափելու` ներկայ տագնապը շրջանցելու եւ քրտական ու իրաքեան քաղաքական ուժերու միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու:
Աղբիւրը նաեւ օրաթերթին յայտնած է, որ ամերիկեան վարչակազմը շուրջ երկու շաբաթ առաջ քիւրտ ղեկավար Մասուտ Պարզանին զգուշացուցած է Իրաքէն անջատուելու կամ քրտական անկախ պետութիւն կազմելու քայլին դիմելու իր ձգտումին մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ համամտութեան չվստահելու, որովհետեւ «Ամերիկա հաշտութեան, յարաբերութիւններու բնականոնացման ու Իրաքի քաղաքական հոլովոյթին մէջ քիւրտերու քաղաքական մասնակցութեան կը զօրակցի եւ Իրաքէն անջատուելու միտող որեւէ քայլի չի զօրակցիր»:
Քիւրտ ղեկավարը նաեւ Իրաքի քրտական շրջանին նկատմամբ Թուրքիոյ կեցուածքներուն առնչութեամբ մտավախութիւն յայտնեց` նշելով, որ «չեմ կարծեր, թէ Թուրքիա, որ իր մէջ կ՛անտեսէ քրտական դատի մակարդակով մարդասիրական դատ մը, որ դատն է 20 միլիոն հաշուող ժողովուրդի մը, եւ միջազգային օրէնքներն ու կանոնները կը ճանչնան անոնց իրաւունքները, որոնք Թուրքիոյ կողմէ բռնաբարուած են, յանկարծ աջակցի քրտական պետութեան մը կազմութեան եւ Իրաքէն անջատման: Թուրքիա անցեալ տասնեակներուն ընթացքին իրաքեան պետութեան հետ ուժեղ յարաբերութիւններ ունէր, իսկ իրաքեան պետութեան մէջ անոր ունեցած շահերը քրտական շրջանին մէջ անոր շահերէն մեծ են, ուստի այն մտավախութիւնը ունիմ, որ հիւսիսային Իրաքի մէջ մեր քիւրտ ժողովուրդը շրջանային այլ դաւի մը ենթարկուի, ճիշդ ինչպէս պատահեցաւ, երբ 1975-ին Իրանի շահը Ալճերիոյ մէջ Սատտամ Հիւսէյնի վարչակարգին հետ հաշտուեցաւ Մուլլա Մուսթաֆա Պարզանիի ղեկավարութեամբ քրտական յեղափոխութենէն ձերբազատելու համար(…) Ես նոյն դիպաշարին կրկնութիւնը կը տեսնեմ, ուստի շրջանի նախագահութիւնն ու քրտական ղեկավարութիւնը կը զգուշացնեմ այդ պատմական սխալին մէջ իյնալէ, մանաւանդ Իրաքէն անջատման ուղղուածութենէն Միացեալ Նահանգներու ետդարձին լոյսին տակ»:
- 0 Comments
- 25 views
- Tweet
Email
Print



