Thursday Jun 20, 2013

Ապտալլա Թագաւորը ՄԱԿ-ին Կոչ Կ՛ուղղէ Կրօններու Վարկաբեկումը Դատապարտող Բանաձեւ Մը Պատրաստելու

By adminx - Tue Oct 30, 7:20 am

Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարութեան կոչ ուղղեց պատրաստելու բանաձեւ մը, որ կը դատապարտէ որեւէ պետութիւն կամ հաւաքականութիւն, որ միաստուածեան կրօններն ու մարգարէները կը վարկաբեկէ:

Թագաւորը իսլամ անձնաւորութիւններու եւ իսլամական ուխտագնացութեան պատուիրակութեանց ղեկավարներու տարեկան ընդունելութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ, որ իսլամական յարանուանութեանց միջեւ երկխօսութեան գաղափարը անպայման հաւատամքի հարցերու շուրջ համաձայնութիւն չի նշանակեր, այլ անոր նպատակը օտարացումին լուծումներ գտնելը եւ համակեցութիւն գոյացնելն է:

Ան ընդգծեց, որ իսլամներու միջեւ երկխօսութիւնը իսլամական օրէնքէն բխող պարտաւորութիւն մըն է:

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement