Ժողովրդավարութեան Ծաղրանկար
By adminx - Tue Oct 30, 7:15 am
- 0 Comments
- 35 views
- Tweet
Email
Print
Մ. ԿԵՍԱՐԵԱՆ
Ինչե՜ր պատահեցան վերջին քսանամեակին: Խորհրդային Միութեան փլուզումով վերջ գտաւ պաղ պատերազմը եւ ատկէ անմիջապէս ետք, առանց շունչ մը քաշելու ժամանակ ձգելու, սկսաւ տաք խաղաղութիւնը: Դպրոցական տարիներուս պատմութեան դասին փայլուն աշակերտներէն չէի, այդ պատճառով ալ հարցումս գիտուն ընթերցողին է. մարդկային պատմութեան մէջ եղա՞ծ է արդեօք խաղաղութեան ժամանակաշրջան մը, որ այդքան պատերազմներով լեցուն եղած ըլլայ, որքան ժամանակակից կեանքի վերջին քսանամեակը: Հաշուե՞նք: Կայսրութիւնը փլաւ Ղարաբաղով (մենք ինչի՞ մէջ առաջին չենք): Յաջորդեցին Չեչենիան ու Մոլտաւիան, Իրաքի առաջին պատերազմը, Եուկոսլաւիան` իր խրուաթ-սերպ, սերպ-Պոսնիա, Պոսնիա-Պոսնիա, սերպ-ալպանական եւ այլ ռազմական ճակատումի տարբերակներով, Արեւմուտք-միջազգային ահաբեկչութիւն անհասցէ պատերազմը, Աֆղանիստանի նորագոյն պատերազմը, Իրաքի երկրորդ պատերազմը: Չեմ խօսիր Պաղեստինի հարցին մասին, որուն վերջանալը մեզի պիտի զարմացնէր: Ասոնցմէ ոմանց աւարտէն առաջ (զինական ճարտարարուեստը պէտք է տեւապէս աշխատցնել) սկսան ժողովրդավարականացման նորագոյն պատերազմները. Թունուզ, Եգիպտոս, Լիպիա, Եմէն, Սուրիա (զարմանալի է. այսպիսի պատերազմներ տեղի կ՛ունենան արաբական աշխարհի միայն մէկ մասին մէջ. հա՛րկաւ. մնացեալները ի՞նչ պէտք ունին ըմբոստանալու, քանի այլուր անձկութեամբ ու բազում զոհերու գնով ակնկալուող ժողովրդավարութենէն արդէն իսկ ունի՛ն անոնք): Ուրիշ կա՞յ: Այսքանը բաւարար չէ՞: Մեզի կը խոստանան նաեւ շարունակութիւնը, որ արդէն ծրագրուած է. կ՛ըսուի նաեւ, թէ պատրաստ թղթածրարները դարակներէն դուրս բերուած են, իսկ ներկայիս ճիգ թափելու վրայ են, որպէսզի այս գործին համար ամերիկացի յարմարագոյն նախագահը ընտրուի: Ոչի՛նչ լքուած է պատահականութեան` համակարգչային թուայնական ճշգրտութեամբ:
Իմաստուն մը ժամանակին ըսած է, թէ իւրաքանչիւր վարչակարգ իր մէջ կը պարունակէ իր քանդումի սերմերը: Իսկ ան բոլորովին կը քանդուի, երբ ան կը սկսի աւելի ծառայել այլ նպատակներու, քան` այն հաւաքականութեան, որուն համար սահմանուած եղած է ինք: Իբրեւ օրինակ առնենք ամերիկեան կամ ընդհանրապէս` արեւմտեան ժողովրդավարութիւնը, որ իր հաստատումէն երկար ատեն ետք ալ ուրիշներու կողմէ իբրեւ ընդօրինակուելիք նախատիպար կը ներկայանար աշխարհին: Հիմա այդպէ՞ս է: Եթէ այս հարցումին պատասխանդ դրական ըլլայ, ո՞վ պիտի հաւատայ քեզի: Ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ իսկական ժողովրդավարութեան մէջ Ճորճ Պուշի նման մարդակերպեր ետեւ-ետեւի երկու անգամ նախագահ ընտրուին` ոտնակոխելով մարդկային ողջմտութեան նոյնիսկ ամէնէն տկար չափանիշերը. առաջին անգամը ամենայն ներողամտութեամբ ընդունելէ ետք` երկրորդ ընտրութիւնը ինչպէ՞ս պիտի բացատրենք ժողովրդավարութեամբ խանդավառուած արաբական գարնան (արդէն երկրորդ գարունն ու ամառը անցան բաւական խառն զգացումներով եւ զգայնութիւններով) սկզբնական շրջանի արդէն յուսախաբ ցուցարարներուն եւ առհասարակ կազմաւորուող պատանիներուն եւ երիտասարդներուն: Ի՞նչ կարծիք պիտի կազմեն անոնք ժողովրդավարութեան մասին, երբ անոր արեւմտեան կարկառուն ներկայացուցիչները անոր անունով կը ստեն, կը խաբեն եւ իրենց անմիջական քաղաքական ու տնտեսական նեղ շահերուն համար կը գործածեն մարդկութեան հնարած ցարդ լաւագոյն քաղաքական համակարգը: Վերջապէս ամէն տեսակի ընտրութիւնները ժողովրդավարութեան ամէնէն հիմնական արտայայտութիւնն են. անոնցմով իսկապէս կը հաստատուի ժողովուրդի իշխանութիւնը եւ իմաստ կը ստանայ հանրապետութիւն բառը (ո՛չ. նորէն լեզուաբանութեամբ պիտի չզբաղուինք, քանի ատիկա շատ վտանգաւոր մարզ է. լեզուն ոսկոր չունի): Բայց բոլորս գիտենք, որ մեր օրերուն ժողովրդային կամքը կեղծելու բազմաթիւ միջոցներ ի գործ կը դրուին` իսկական ժողովրդավարութիւնը վերածելով ժողովրդավարութեան ծաղրանկարի: Երեւակայեցէք, որ այդ կեղծիքներուն մէջ ամէնէն ակնբախը եւ միաժամանակ ամէնէն անմեղը նախընտրական ուռուցիկ խոստումներն են, որոնց մեծ մասը երբեք պիտի չիրականանայ: Իսկ միւսները` «յետիս գնա՛, սատանայ». ընտրակաշառք (ծառայում է որոշ թուով առօրեայ հարցերի լուծման), սուտ ու սխալ գրաւոր քարոզչութիւն (հապա ինչպէ՞ս կանգուն պիտի պահուի սնանկութեան սեմին հասած մամուլը), սուտ ու սխալ բերանացի եւ պատկերաւոր քարոզչութիւն (կը հասկնանք, չէ՞, թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս բանտարկութեան վճիռ ստացած Պերլուսքոնի լրատուական զանգուածային միջոցները գրաւած էր տնտեսական ուժով): Մեղա՜յ Աստուծոյ եւ զո՞րն ասեմ, զո՞րը խոստովանիմ: Այս առիթով կը հասկնանք նաեւ, թէ ինչպէ՞ս ազնուագոյն գաղափարները կը սնանկանան, անարժէք կը դառնան, երբ անոնք կը գործածուին ուրիշ նպատակներու համար եւ փոխանակ հանրութեան կամքին հարազատ մեկնաբանը հանդիսանալու կը ծառայեն անարժաններու եւ անտաղանդներու վոհմակներու վերելքին: Մէկ խօսքով, ժողովրդավարութեան ողնասիւնը հանդիսացող խօսքի ազատութիւնը գիտակցաբար, նպատակային եւ անհակակշիռ կերպով կը գործածուի ականահարելու համար ժողովրդավարութիւնը:
Ժողովրդավարութիւնը ցարդ իր լաւագոյն օրերը տեսած է ահաւոր պատերազմներէ կարճ ատեն ետք (առաջին եւ երկրորդ համաշխարհային պատերազմներ` շուրջ քսան եւ եօթանասուն միլիոն զոհերով համապատասխանաբար) «անգամ մըն ալ պիտի չընենք»-ի յուզումնալից յայտարարութիւններու խաղաղասիրական զուգերգներով մէկտեղ: Առաջինէն քսան տարի ետք գերմանական ժողովրդավարութիւնը առաջնորդեց Հիթլերի ազգային-ընկերվար կուսակցութեան գերազանցօրէն ժողովրդավար ընտրական յաղթանակին, որ իրեն հետ բերաւ ժողովրդավարութեան մահը այդ երկրին մէջ եւ պատճառ դարձաւ երկրորդի շղթայազերծման:
Այսօր, երկրորդի աւարտէն աւելի քան կէս դար ետք, ժողովրդավարութեան ծաղրանկարային կիրարկումը գրեթէ ամէնուրեք առաջնորդած է ծայրայեղ աջակողմեան շարժումներու յառաջացման եւ ծաւալումին: Ի՞նչ պիտի ըլլայ արդիւնքը. ողբերգութի՞ւն, թէ՞ կատակերգութիւն:
Հակառակ կատակերգութեան ի նպաստ իմ բնածին հակումիս, տրամաբանական պատասխանը ինքզինք կը պարտադրէ եւ խնդալու չափազանցեալ ախորժակս ի վիճակի կ՛ըլլայ միայն սառած ժպիտ մը գծելու:
- 0 Comments
- 35 views
- Tweet
Email
Print



