Sunday May 26, 2013

Թուրք Պատմաբանները Չէին Բաւեր, Այժմ Կ՛աւելնան «Հայասէր» Սիւնակագիրները

By adminx - Tue Oct 30, 5:50 am

Ճ.

Հայրենի «Արմենփրես» լրատուական գործակալութիւնը 25 հոկտեմբերին արձագանգ հանդիսացաւ թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածի մը: Հոն թերթի սիւնակագիր Էզկի Պաշարան կը պահանջէ ուսումնասիրել «հայասպանութեան առնչութեամբ գերմանացիներուն մեղսակցութիւնը»:

«Այս հարցին վերաբերեալ իմ տեսակէտս յստակ է: Գերմանացիները կրնային կանխարգիլել այս ցեղասպանութիւնը, քանի որ այդ շրջանին Գերմանիան թրքական բանակին նկատմամբ լուրջ վերահսկողութիւն ունէր: Հայոց ցեղասպանութիւնը գործողը օսմանեան թրքական պետութիւնն էր, սակայն գերմանացիները անոնց աջակցեցան գաղափարապէս», կը թարգմանէ գործակալութիւնը:

Հոս հարկ է յիշեցնել, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը իթթիհատականներուն կողմէ վճռուած էր վերջիններուն` Գերմանիոյ հետ մերձեցումէն տարիներ առաջ:

Միւս կողմէ, եթէ գերմանացիները թրքական բանակին վրայ իսկապէս «լուրջ վերահսկողութիւն» ունէին, ապա ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել կովկասեան եւ պաղեստինեան ճակատներուն վրայ գերմանացի խորհրդականներուն ընդվզումն ու բանավէճերը, եւ օսմանեան բանակներու մենամիտ ու անզիջող հրամանատարներուն խայտառակ պարտութիւնները:

Թիւրիմացութիւնը կանխարգիլելու համար յստակ թող ըլլայ, որ Գերմանիոյ անմեղութիւնը պաշտպանող չկայ հոս, ո՛չ ալ` անոր մեղսակցութիւնը հերքող:

Արդէն Գերմանիոյ ժողովուրդը ներկայացնող գերագոյն մարմինն իսկ ընդունած, ճանչցած, ամօթ ու ցաւ յայտնած եւ ներողութիւն խնդրած է այդ դերակատարութեան համար:

Հարցը կը վերաբերի «յանցանքը խոստովանելով հանդերձ, մեղսակիցներու դերակատարութիւնը խոշորացոյցի տակ դնելու եւ մեղմացուցիչ հանգամանքներ հայցելու» փաստաբանական հանրածանօթ ոճին, զոր որդեգրած են «լաւ» թուրքերը` հայասպանութիւնը ճանչցող հրեշտակները:

Ի պատասխան այս մօտեցումին` հարկ է թուրք քաղաքագէտներէն ու պատմաբաններէն ետք նաեւ «լաւ» լրագրողներուն ալ յիշեցնել Թալէաթի այն կտրուկ պատասխանը, զոր տուաւ Հ. Մորկընթաուի.

«Այդպիսի բան չկայ. այս երկիրը մեր ամբողջական հակակշիռին տակն է, եւ` միմիայն մե՛ր հակակշիռին: Մենք չենք ուզեր այդպիսի պատրուակներով չքմեղանալ: Ամէն ինչ որ կը կատարուի, մեր ծրագրումով, հրամաններով եւ գիտակցութեամբ կը կատարուի»:

Ալ ո՛չ գերմանացիին, ո՛չ ալ ուրիշին դերակատարութիւնը ուսումնասիրելու հարկ կայ:

Բայց թուրք «ափոլոճիսթ»-ներուն այսպիսի պատգամ ուղղելէ աւելի, կոչ կ՛ուղղենք մեր զանգուածային լրատուամիջոցներուն, «լաւ» թուրքերու ըսածն ու գրածը խանդավառութեամբ ու հալած իւղի պէս կուլ տալով նաեւ մեր հասարակութեանց հրամցնելէ առաջ, քննական եւ քննադատական խորաթափանց հայեացք մը նետելու անոր վրայ եւ անոր արդիւնքն ալ հաղորդելու հանրային կարծիքին:

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement