Thursday May 23, 2013

50 Տարի Առաջ ( 30 Հոկտեմբեր 1962 )

By adminx - Tue Oct 30, 5:31 am

Երգիծանքը

Երկաթէ Վարագոյրի Ետին

Խորհրդային պլոքի անդամ երկիրներէն մէկուն գործավարներու խորհուրդը ժողովի նստելով` ընթացիկ հարցեր կը քննէր: Երկրագործական գործավարը շատ էր ընկճուած:

Հունձքերը շատ գէշ էին, թրաքթորները կոտրուած էին, հաւաքական ագարակներու մէջ մարդկային աշխատանքը շատ քիչ էր, կարճ խօսքով հազար տեսակ դժուարութիւններ կային:

Գործավարին պաշտօնակիցներէն մէկը փորձեց զայն քաջալերել եւ ըսաւ.

- Օ՛ն, ուրախացի՛ր, այս բոլոր դժուարութիւնները ժամանակաւոր են: Կասկած չկայ, որ վերջին հաշուով համայնավարութիւնը պիտի տիրապետէ ամբողջ աշխարհի վրայ:

Գործավարը իր ձեռքերը երկարեց զարհուրանքով եւ իր շուրջը դիտելով` ան փսփսաց.

- Աստուծոյ սիրոյն, մարդս, այդ կարգի յիմար խօսքեր մի՛ ըներ. եթէ ամբողջ աշխարհ համայնավարացուի, ուրկէ՞ պիտի ներածենք մեր սննդամթերքը, չէ՞ որ իւրաքանչիւր երկիր մեր վիճակին պիտի հասնի…

*
*    *

Պուլկար համայնավար ուսուցիչ մը հետեւեալ հարցումը ըրաւ իր դասարանի աշակերտներուն.

- Ո՞վ կրնայ ըսել ինծի, թէ ի՞նչ է տարբերութիւնը դրամատիրութեան եւ համայնավարութեան միջեւ:

Փոքրիկն Միշա պատասխանեց. Քափիտալիզմը անգութ շահագործումն էր մարդուն ուրիշ մարդու մը կողմէ»:

- Ապրի՛ս, շատ ճիշդ պատասխանեցիր. հիմա ըսէ տեսնեմ, ի՞նչ է համայնավարութիւնը:

- Մարդոց անգութ շահագործումը պետութեան կողմէ…

Ուսուցիչը կաս կարմիր կտրելով` արիւնը իր երակներուն մէջ սառեցաւ:

Հաճնոյ 9-Ամսեայ Հերոսամարտի
43-
րդ Տարեդարձը Պէյրութի Մէջ

Հաճնոյ «Գոյամարտ» միութեան կողմէ կազմակերպուած յիշատակի հանդէսին առիթով, 21 հոկտեմբեր կիրակի առաւօտուն հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ` հաւատացեալներու հոծ բազմութեան մը ներկայութեան: Իսկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին հանդէս` Պուրճ Համուտի Ժողովրդային տան սրահին մէջ:

Նախագահելու համար հրաւիրուած էր Ս. Նշան բարձր. վարժարանի տնօրէն Յակոբ Իսկենտերեան եւ բանախօսելու համար` Ազգային Լուսինեան վարժարանի տնօրէն Անդրանիկ Ուրֆալեան:

Յայտագրին գործադրութիւնը սկսաւ լիբանանեան քայլերգով եւ «յառաջ Նահատակ»-ով, նուագախումբի միջոցով:

Օրուան նախագահը իր բացման ճառին մէջ, ոգեկոչելէ ետք Հաճնոյ նահատակներուն յիշատակը, ի մէջ այլոց շեշտեց.

«Այսօր, այս տօնակատարութեամբ, հին սերունդը կը փառաբանուի իր հերոսացած մարտիրոսներուն եւ անցեալի մարտնչումներուն համար եւ կը հպարտանայ 40 տարուան մէջ իր ստեղծած սերունդով: Հարկ է, որ նորերը մարդկային բնազդին տուրք տալով հանդերձ, անհատական բարօրութիւններէ եւ այլ յաջողութիւններէ յետոյ, իրենց հայրերուն աչքը փակուած ատեն, զգացնեն, որ իրենք տէրն են այդ դատին եւ պարտապահանջ են»:

Նուագախումբը նուագեց քանի մը կտորներ: Ղաւզալեան ընթերցումը ըրաւ Արամ Տիւմանեան (Հարգան) ի հոկտեմբեր 15-ին նուիրուած հայրենաշունչ մէկ բանաստեղծութեան:

Բենիամին Սահակեան արտասանեց Դ. Վարուժանի «Պարը» եւ իր ապրումով յուզեց ներկաները:

Նախագահը բեմ հրաւիրեց օրուայ բանախօս Անդրանիկ Ուրֆալեանը, որ իր կուռ բանախօսութեամբ լարուած պահեց սրահը:

«Ազատասէր եղած ենք եւ այդ սէրը արտայայտած ենք յաճախ գոյատեւելու համար: Ֆիզիքական ուժի ցուցադրութենէն աւելի մշակութային ինքնապաշտպանութեան միջոցներով, օրինակ` Գրոց գիւտը, որ մեր գոյութեան ամէնէն ամուր սիւներէն մէկը եղած է:

Բայց երբ անբաւարար եղած են այդ միջոցները եւ ստոյգ մահ ունեցած ենք մեր դիմացը, ստեղծած ենք հերոսական ժողովուրդ:

Այսօր հոս հաւաքուած ենք հաղորդակցելու մեր մեռելներու հոգիներուն հետ: Իր մեռելները յարգել չգիտցող մարդը արժանի չէ մարդ կոչուելու: Մեր մեռելներուն եւ նահատակներուն նշանախօսքն էր, սիրեցէք ազատութիւնը եւ նոյնիսկ յանձն առէք մեռնիլ անոր սիրոյն:

Եթէ այսօր ազատութեան սիրոյն մեռնիլ չեն թելադրեր պայմանները, բայց նոյն այս պայմանները չեն հանդուրժեր ստրկամտութիւն: Հաճընցին մեռաւ ստրկութեան լուծը չկրելու համար: Պատի՛ւ իրեն»:

«Գոյամարտ»-ի կողմէ Մ. Խրիմեանի շնորհակալութեան խօսքերով փակուեցաւ հանդէսը, գոհ եւ հաղորդակից` նահատակներու ուխտին:

ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement