Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
By adminx - Tue Oct 30, 5:30 am
- 0 Comments
- 80 views
- Tweet
Email
Print
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Օրը եկած է արդարօրէն եւ առարկայական մօտեցումով քննարկելու ձեր աշխատանքը եւ ըստ այնժմ ձեռնարկել նոր ուղղութիւններու:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր շուրջինները կախուած պիտի մնան ձեր շուրթերէն, որովհետեւ պիտի կարենաք ճշգրիտ բացատրութիւններ տալ իրենց չգիտցածին մասին:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Լաւ լուծումներ տուէք բարելաւելու համար ձեր առողջութիւնը, մանաւանդ` իրականացուցէք այն ամէնը, որ որոշած էք դուք այս առնչութեամբ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր ծրագիրներուն մասին խօսեցէք ձեր բարեկամներուն: Անոնք օգտակար ուղղութիւններ պիտի փոխանցեն ձեզի: Պիտի հանգստանաք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր գործունէութեան վերաբերեալ փոփոխութիւններ կ՛ուզէք ընել, բայց ներկայիս արգելքներ կան:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Որեւէ բանի մասին մի ՛ մտածէք, որովհետեւ ունիք ձեզի օգնողներ: Օրը ունի ձեր ակնկալածէն աւելի յաջող ընթացք` նիւթական եւ բարոյական:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Չնչին ձախողութեան մը պատճառով դուք ձեզ մի՛ մեկուսացնէք: Պէտք է որ այսօր հաշտ ըլլաք ստեղծուած կացութեան հետ: Համբերեցէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Հաւաքական կամ խմբական աշխատանքը չէք սբիրեր, բայց այսօր պիտի ստիպուիք զայն ընդունելու: Ինքնագլուխ մի՛ ըլլաք, համերաշխ եղէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր
Կարգ ու կանոն պիտի դնէք ձեր աշխատանքին մէջ եւ ամէն հարց եւ իրագործում պիտի յստականայ։ Օրը ունի յաջող պատահարներ։
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Մնացէք այնպէս, ինչպէս որ էք, ձեզ կը սիրեն ձեր այս նկարագրին համար: Ուրիշներու նմանելու ցանկութիւնը սխալ ուղղութեան կը տանի:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր երկինքը քիչ մը պիտի մթագնի, բայց այս գէշ տրամադրութիւնը շուտով պիտի շոգիանայ: Մի՛ մտահոգուիք անիմաստ բաներու համար:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր Բնաւորութիւնը կարեւոր տուեալ մը պիտի ըլլայ ձեզ փայլեցնելու: Պիտի շրջապատուիք հաճելի եւ զուարթ անձերով, որոնք պիտի շնորհաւորեն ձեզ յաջողութեան մը առիթով:
- 0 Comments
- 80 views
- Tweet
Email
Print



