Sunday May 26, 2013

Փարիզի Մէջ Իրենց Հանդիպման Ընթացքին Նալբանդեան Եւ Մամետեարով Վճռակամութիւն Յայտնեցին Շարունակելու Աշխատանքը` Խաղաղ Լուծման Հասնելու Համար

By adminx - Mon Oct 29, 7:49 am

Անցեալ շաբաթ օր Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Էլմար Մամետեարովի առաջին հանդիպումը` մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովի հետ կապուած յայտնի իրադարձութիւններէն ետք:

Նախ Նալբանդեան հանդիպում ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Ռոպըրթ Պրատքէի, Իկոր Փոփովի, Ժաք Ֆորի եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի հետ: Այնուհետեւ հանդիպումը շարունակուեցաւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի մասնակցութեամբ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը հաղորդեց, որ համանախագահները ընդգծեցին կողմերուն մէջ լարուածութեան նուազեցման կարեւորութիւնը: Իբրեւ աշխատանքային առաջարկ, անոնք ներկայացուցին իրենց գաղափարները` խաղաղ լուծման հոլովոյթը առաջ մղելու նպատակով:

Պաշտօնական հաղորդագրութեան համաձայն, նախարարները վերահաստատեցին իրենց վճռականութիւնը` շարունակելու համանախագահներուն հետ միացեալ աշխատանքը` խաղաղ լուծման հասնելու նպատակով: Նախարարները եւ համանախագահները համաձայնեցան այդ գաղափարներուն շուրջ քննարկումները շարունակել համանախագահներու` նոյեմբերին շրջան կատարելիք այցելութեան ընթացքին:

 

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement