Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
By adminx - Mon Oct 29, 7:33 am
- 0 Comments
- 13 views
- Tweet
Email
Print
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի խստիւ դատապարտեց ընդդիմութեան «ոչ»-երը եւ զանոնք նմանցուց 1967-ին Խարթումի մէջ տեղի ունեցած Արաբական լիկայի նիստին ընթացքին արտասանուած «ոչ»-երուն: Պըրրի պատրաստակամութիւն յայտնեց Ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը կազմելու եւ ընդգծեց լիբանանեան ազգային երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկուան իր յայտարարութիւններուն մէջ յայտնեց, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը ուղղակի թէ անուղղակի ձեւով պատասխանատու են Լիբանանի մէջ գործուած գրեթէ բոլոր սպանութիւններուն:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստին նպատակն է համաձայնութիւն գոյացնել, որպէսզի երկրին մէջ անիշխանութիւն չըլլայ: Ան հաստատեց, որ երեսփոխաններուն կեանքը վտանգի ենթակայ է` աւելցնելով սակայն, որ ոչինչ կ՛արգիլէ ընտրական օրինագիծին շուրջ խորհրդակցութիւնները շարունակելու հոլովոյթը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ նշեց, որ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրի կողմէ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանը ընդունելու քայլը ցուցանիշ մըն է, թէ կառավարութիւնը կը ծածկէ հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի դէմ գործուած սպանութիւնը:
ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերու ուսանողական եւ երիտասարդական թեւերը երէկ Ռիատ Սոլհի հրապարակին վրայ իրենց յայտարարած բաց նստացոյցին ընթացքին դարձեալ պահանջեցին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հրաժարականը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանին վտարումը:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ տիւրզի համայնքը փոքրամասնութիւն չէ, այլ` անիկա Լիբանանը հիմնած գլխաւոր համայնքներէն է:
ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ զօրակցութիւն յայտնեց լիբանանցիներուն միջեւ նոր կառավարութեան մը կազմութեան շուրջ տեղի ունենալիք խորհրդակցութիւններուն:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի յայտնեց, որ Լիբանանի ապահովութիւնը անկայուն դարձած է ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի սպանութեամբ:
ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի հարցերու առումով Միացեալ Նահանգներու նախագահի խորհրդական Ճոն Պրենըն Եւրոպական Միութենէն կը պահանջէ Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութիւն նկատել:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ իր աշխատանքները: Իր խօսքը ուղղելով Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն` Սալհապ անոնց կոչ ուղղեց վերջ տալու իրենց քաղաքական խաղերուն, որովհետեւ երկիրը արդէն իսկ վտանգի մէջ է:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատու գրասենեակի պատասխանատու Ռամի Ռայիս յայտնեց, որ իրենք չեն փափաքիր Մուսթաքպալ հոսանքին հետ բանավէճ ունենալ` աւելցնելով, որ երկու քաղաքական ուժերուն միջեւ յարաբերութիւնները յառաջիկայ օրերուն կը յստականան:
ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ յայտնեց, որ իրենք ազգային երկխօսութեան չեն հաւատար` աւելցնելով, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն որոշումը ինքնագլուխ է:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Հապըր յայտնեց, որ կառավարութիւնը կը պաշտպանէ ոճրագործները: Ան հաստատեց, որ իրենք կը փափաքին ունենալ ազգային գործակցութեան եւ փրկութեան կառավարութիւն մը` պաշտպանելու համար Լիբանանը:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի քաղաքական հարցերու խորհրդական Մոհամետ Շաթահ յայտնեց, որ իրենք կը դիմագրաւեն ազգային իսկական տագնապ մը` աւելցնելով, որ կառավարութեան պահպանումը երկրին ապահովական կայունութեան պիտի սպառնայ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Տերեք Փլամպլի յայտնեց, որ շատ կարեւոր է Լիբանանի կառավարութեան աշխատանքին ընթացքին պահպանումը:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը յառաջիկայ երկուշաբթի օր պիտի ճշդեն ընտրական օրէնքին շուրջ խորհրդարանական սեղմ յանձնախումբին գումարելիք նիստերուն մասին իրենց կեցուածքը:
- 0 Comments
- 13 views
- Tweet
Email
Print



