Wednesday Jun 19, 2013

«Սուրիոյ Մէջ Կացութիւնը Անելի Մատնուած Է» Կ՛ըսէ Փուշքով

By adminx - Mon Oct 29, 7:29 am

Ալեքսէյ Փուշքով

Ռուսիոյ Տումայի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահ Ալեքսէյ Փուշքով յայտարարեց, որ «Սուրիոյ մէջ կացութիւնը անելի մատնուած է»` նշելով, որ «աշխարհի երկիրները պէտք է գիտակցին, որ սուրիական տագնապը կարելի չէ ընդդիմութիւնը զինելու ճամբով լուծել»:

Փուշքով «Ռաշա Թուտէյ»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Միացեալ Նահանգները ամբաստանեց «Սուրիոյ մէջ ներկայ քաոսը տարածելու յանցանքով»:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ժիհատ Մաքտիսի ԱՖՓ լրատու գործակալութեան ուղղուած ե-նամակի մը մէջ յայտնեց, որ Դամասկոս ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումներուն խախտումները ցանկագրելով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ուղարկած է` վստահեցնելով, որ Սուրիոյ բանակը զինուորական գործողութիւնները կասեցուցած է:

Մաքտիսի ըսաւ, որ «սուրիական կառավարութիւնը կատարելապէս յանձնառու է զինուորական գործողութեանց դադրեցման, ինչպէս նշուած է բանակի եւ զինեալ ուժերու սպայակոյտի հաղորդագրութեան մէջ, սակայն (զինադադարի) խզումները մեծամասնութեամբ կատարուեցան այն խմբաւորումներուն կողմէ, որոնք ի սկզբանէ մերժեցին զինադադարը, ինչպէս կը վկայեն անոնց հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութիւնները»:

Ընդդիմադիր Ժապհաթ Նուսրա զինեալ խմբաւորումը հերքեց, որ ուրբաթ օր Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցած եւ 5 զոհ պատճառած ականահարումին ետին կը կանգնի` պնդելով, որ ատոր ետին վարչակարգը կը կանգնի:

Մարդկային իրաւանց հսկող սուրիական մարմինը հաղորդեց, որ սուրիական ընդդիմութեան եւ քիւրտերուն միջեւ Հալէպի Աշրաֆիեէ թաղամասին մէջ տեղի ունեցած բախումներուն ընթացքին գերեվարուած 120 քիւրտեր ազատ արձակուած են: Մարմինը կոչ կ՛ուղղէ «երկու կողմերուն մօտ գտնուող գերիները ազատ արձակելու` ձախողեցնելու համար արաբ-քրտական սադրանքը, որուն հրահրման կը ջանան սուրիական վարչակարգն ու շրջանային կարգ մը գաղտնի սպասարկութիւններ»:

Մինչ այդ, Իրաք երէկ Սուրիա ուղղուող իրանեան օդանաւի մը ստիպեց խուզարկութեան համար էջք կատարել Պաղտատ: Օդանաւը, որ մարդասիրական օժանդակութիւն կը փոխադրէր, հետագային շարունակեց իր թռիչքը: Նշենք, որ ասիկա երկրորդ անգամն է, որ Իրաք իրանեան օդանաւ մը կը խուզարկէ:

Յորդանանեան ապահովական աղբիւր մը «Եու.Փի.Այ.» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ հիւսիսային Յորդանանի Զաաթարի գաղթակայանին մէջ գտնուող սուրիացի գաղթականներ խռովարարութիւններ կատարած են, ինչ որ յորդանանեան ապահովական ուժերուն ստիպած է զանոնք ցրուելու համար արցունքաբեր ռումբեր արձակել: Ապահովական ուժերը 3 գաղթականներ ձերբակալած են եւ զանոնք հետաքննութեան յանձնած:

«Հապերլեր» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ ապաստանած սուրիացի գաղթականներ եւս թուրք ոստիկաններու հետ ունեցած են բախում մը, որուն պատճառով վիրաւորուած են 3 անձեր, որոնցմէ երկուքը` ոստիկաններ: Միջադէպը տեղի ունեցած է Մարաշի մօտ գտնուող ճամբարին մէջ:

Սուրիացիները բողոքած են, որ ոստիկանները ուղարկուած տաք հագուստը իրենց չեն տրամադրեր, եւ սկսած են ոստիկանները քարկոծել: Աւելի ուշ, Մարաշի ոստիկանապետ Մեթին Աշըք դէպքի վայր այցելած է եւ սուրիացիներուն խոստացած լուծել խնդիրները:

Միւս կողմէ, թրքական բանակը հերքեց այն լուրը, թէ Սուրիա-Թուրքիա սահմանին վրայ տեղի ունեցած զարգացումներէն ետք Միացեալ Նահանգներ Թուրքիա ուժեր ուղարկած են: Թրքական բանակը այդ տեղեկութիւնները «սխալ» նկատած է:

 

Leave a Reply

Advertisement