Thursday Jun 20, 2013

Փութին Թուրքիա Իր Այցելութիւնը Պիտի Յետաձգէ, Եթէ Սուրիական Օդանաւէն Գրաւուած Բեռը Չյանձնուի

By adminx - Mon Oct 29, 7:27 am

Վլատիմիր Փութին

Թրքական «Թարաֆ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 3 դեկտեմբերին նախատեսուած Թուրքիա իր պաշտօնական այցելութիւնը երկրորդ անգամ ըլլալով պիտի յետաձգէ, եթէ Թուրքիա Մոսկուա-Դամասկոս թռիչք կատարող սուրիական ճամբորդատար օդանաւէն իր գրաւած բեռը ամբողջութեամբ չյանձնէ:

Թրքական իշխանութիւնները 10 հոկտեմբերին սուրիական օդանաւին պարտադրած էին Անգարայի մէջ էջք կատարել, երբ գաղտնի սպասարկական տեղեկութիւններ ստացած էին, թէ օդանաւը Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան համար նախատեսուած հակաօդային համակարգեր կը փոխադրէր:

Օրաթերթը կ՛աւելցնէ, որ Փութին իր այցելութիւնը անորոշ թուականով կրնայ յետաձգել, եթէ Թուրքիա այս հարցով ռուսական պաշտօնական պահանջը չկատարէ: Օրաթերթը կը նշէ, որ եթէ Փութինի Թուրքիա այցելութեան ժամկէտին վրայ փոփոխութիւն չկատարուի, 4 միլիառ տոլար արժողութեամբ հակաօդային համակարգերու նուազուրդը պաշտօնական այցելութեան օրակարգի գլխաւոր կէտերէն մէկը պիտի ըլլայ:

 

Leave a Reply

Advertisement