Ղպտիները Այսօր Նոր Պապ Մը Կ՛ընտրեն
By adminx - Mon Oct 29, 7:25 am
- 0 Comments
- 28 views
- Tweet
Email
Print
Եգիպտոսի ղպտիները այսօր կ՛ընտրեն իրենց նոր հոգեւոր պետը, որ պիտի փոխարինէ Շնոտա Գ. պապը, որ մարտ 2012-ին վախճանած էր: Այդ պաշտօնին համար թեկնածու են երկու եպիսկոպոսներ եւ երեք վարդապետներ:
Բարձրաստիճան կրօնաւորներէ, ղպտի նախկին եւ ներկայ պաշտօնատարներէ, ղպտի երեսփոխաններէ, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու անդամներէ եւ լրագրողներէ կազմուած եւ 2405 անձերէ բաղկացած մարմին մը այսօր պիտի կատարէ ղպտիներու 118-րդ պապի ընտրութեան առաջին հանգրուանը, որուն ընթացքին առաւելագոյն քուէները ապահոված երեք թեկնածուներ կ՛անցնին յաջորդ եւ վերջին հանգրուան:
4 նոյեմբերին նախատեսուած այդ հանգրուանին ընթացքին աչքակապ ղպտի երեխայ մը կ՛ընտրէ այդ երեք թեկնածուներէն մէկը:
- 0 Comments
- 28 views
- Tweet
Email
Print



