Sunday May 19, 2013

Ըստ «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ի Լիքուտի Եւ Եիսրայէլ Պէյթէյնուի Միջեւ Ընտրական Դաշինքի Որոշումը Երկու Կուսակցութեանց Մէջ Դժգոհութիւն Յառաջացուցած Է

By adminx - Mon Oct 29, 7:24 am

Լիպըրման եւ Նեթանիահու

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի եւ արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրմանի` 22 յունուարին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութեանց ընթացքին միացեալ ընտրացանկ կազմելու որոշումը անոնց կուսակցութեանց դժգոհութիւնը յառաջացուցած է:

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը կը գրէ, որ Նեթանիահուի ղեկավարած աջակողմեան Լիքուտ կուսակցութեան անդամ բազմաթիւ նախարարներու, երեսփոխաններու եւ գործիչներու կարծիքով` այդ դաշինքը իրենց կուսակցութեան վնաս պիտի պատճառէ: Օրաթերթը կ՛աւելցնէ, որ Լիքուտի նախարարներուն կէսը այդ որոշումին կ՛ընդդիմանայ եւ զայն հարցականի տակ կ՛առնէ:

Օրաթերթը նաեւ կը մէջբերէ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 10-րդ կայանի հարցախոյզին արդիւնքը, ըստ որուն, Լիքուտի ընտրողներուն 26 առ հարիւրը դէմ է Լիպըրմանի ղեկավարած ազգայնական աջակողմեան Եիսրայէլ Պէյթէյնուի(Իսրայէլը մեր տունն է. «Ա.») հետ միացեալ ընտրացանկի գաղափարին, իսկ վերջինիս քուէարկողներուն 35 առ հարիւրը այդ գաղափարին դէմ է, 51 առ հարիւրը` թեր:

 

Leave a Reply

Advertisement