Saturday May 18, 2013

Ռուբէնը Եւ Իր Ընկերները Հին Ու Նոր Երգերով Հանդիսատեսին Պարգեւեցին Բարձրորակ Արուեստ Եւ Հայրենասիրական Մթնոլորտ

By adminx - Mon Oct 29, 7:16 am

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան շաբաթ, 27 եւ կիրակի, 28 հոկտեմբեր 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցան սիրոյ, կարօտի, յոյսի եւ հայրենասիրութեան հեղինակային երգերու մեկնաբան  Ռուբէն Հախվերտեանի եւ նուագախումբին համերգները` ներկայութեամբ արուեստագէտներու, արուեստասէրներու եւ մեծաթիւ երիտասարդութեան:

Համերգներուն բարի գալուստի խօսքը Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով արտասանեց Սիլվա Քիւրքճեան, որ նշեց, թէ Հախվերտեանի երգերուն մէջ սէրը, վիշտը, կարօտը, հայրենիքը, ցաւն ու ուրախութիւնը միշտ ալ ներկայ եղած են: Ան ըսաւ, որ արուեստագէտը իր երգերուն ընդմէջէն կ՛արտայայտէ համամարդկային զգացումներ եւ յուզումներ: Սիլվա Քիւրքճեան հաստատեց, որ Ռուբէն Հախվերտեան երգարուեստին մէջ ունի իր ուրոյն արժէքն ու կարեւորութիւնը, որ ժամանակի սահմաններէն շատ անդին է:

Ապա բեմ բարձրացան Ռուբէն Հախվերտեան եւ իր ընկերները` Յակոբ Ջաղացպանեան (կիթառ) եւ Գէորգ Մովսէսեան (ձեռնադաշնակ), որոնք զոյգ համերգները սկսան «Սա Երեւանն է» երգով:

Հախվերտեան երգեց հին ու նոր երգերէն կազմուած գեղեցիկ երգացանկ մը, որ արժանացաւ ներկաներու ջերմ գնահատանքին: Երգերէն յիշենք «Կարմիր կակաչները», «Ձիւն», «Հին ընկեր», «Մեր սիրոյ աշունը», «Կտակ եւ յիսունից յետոյ» երգերը, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր հնչեղութեամբ, խորհրդաւոր մթնոլորտով եւ պատգամներով ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն:

Երկու մասերէ բաղկացած զոյգ համերգներուն ընթացքին, Ռուբէն Հախվերտեան շուրջ երկու ժամուան ընթացքին 24 երգերու կատարումով հանդիսատեսին ներկայացուց գեղարուեստական որակաւոր գործեր, ստեղծեց հաճելի մթնոլորտ եւ հայրենիքի հետ կապ: Համերգները վերստին փակուեցան «Սա Երեւանն է» երգին կատարումով:

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement