Նարեկ Արք. Ալեէմեզեան Հանդիպում Կ՛ունենայ Լուտերական Եկեղեցիներու Միութեան Ընդհանուր Քարտուղարին Հետ
By adminx - Mon Oct 29, 7:14 am
- 0 Comments
- 9 views
- Tweet
Email
Print
Հինգշաբթի, 25 հոկտեմբեր 2012-ին, Ժընեւի մէջ, Նարեկ արք. Ալեէմեզեան (Վարիչ միջեկեղեցական յարաբերութիւններու) հանդիպեցաւ Լուտերական եկեղեցիներու միութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Մարթին Եունկի հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկման գլխաւոր երկու կէտերն էին` առաջին` 2008-ին արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու եւ Լուտերական եկեղեցիներու միութեան միջեւ նախաձեռնուած գործակցութեան հանդիպումներու նոր հունաւորումը եւ երկրորդ` Միջին Արեւելքի զանազան երկիրներուն մէջ տիրող քաղաքական անկայուն կացութեան պատճառով գաղթական դարձած քրիստոնեաներուն միացեալ զօրակցութիւն յայտնելու կարելիութիւնը:
Դոկտ. Մարթին Եունկ խոստացաւ մինչեւ տարեվերջ պաշտօնական պատուիրակութեամբ այցելութիւն տալ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին` վերեւ նշուած երկու հրատապ կէտերուն շուրջ վեհափառին տեսակէտները ունենալու համար:
Յայտնենք, որ վեհափառ հայրապետը Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ատենապետ եղած օրերուն նախաքայլը առած էր արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու եւ Լուտերական եկեղեցիներու միութեան միջեւ զարգացող այս աշխատանքային յարաբերութեան:
- 0 Comments
- 9 views
- Tweet
Email
Print



