Երկու Խօսք Հայաստանը Պարպողներուն. «Ո՞րն Է Աշխարհ Հայաստան Միթէ Սա՞ Է, Ռուսաստա՞ն»
By adminx - Tue Oct 30, 5:38 am
- 0 Comments
- 40 views
- Tweet
Email
Print
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
Անցնող տարուան ընթացքին Հայաստանի պատկերասփիւռի կայանները ծանուցումներ կը հաղորդէին հայրենի երգիչներու կատարելիք երգահանդէսներուն մասին, Ռուսիոյ տարբեր եւ բազմաթիւ քաղաքներու մէջ, քաղաքներ, որոնցմէ մեծ մասին անունները նոր կը լսէինք: Նուազագոյն 10 երգահանդէս, կը յայտարարէին. երգիչ Թաթային կը հետեւէին այլ անուններ: Սփիւռքահայուն համար Հայաստանի լրատուական միջոցները կարեւոր էին հայրենական նորութիւններ իմանալու: Մշակութային ոլորտի ծանուցումները առաւել հետաքրքրական կը թուէին ըլլալ: Մասնաւորաբար երկար է շարքը երգիչ-երգչուհիներու, որոնք միշտ բեմերու վրայ են Հայաստանի եւ սփիւռքի հայկական գաղութներու մէջ: Ներկայիս մեծագոյն գաղութը կը նկատուի Ռուսիան` իր անծայրածիր տարածքներու մէջ գոյացած:
Հետեւելով տասնեակներով երգողներու հիւրախաղերու ծանուցումներուն` կը զարմանայի, թէ ե՞րբ ստեղծուած են այսքան մեծաթիւ գաղութներ` Ռուսիոյ տարածքին: Գիտէինք` Մոսկուան, Փեթերսպուրկը, իբրեւ հայերուս ծանօթ վայրեր Ռուսիոյ մէջ: Կասկած մը կ՛ունենայի հայաստանցի հայերու թիւի աճման շուրջ այդ կողմերը: Միացեալ Նահանգները, Քանատան, եւրոպական այլ երկիրներ, մինչեւ Աւստրալիա եւ Հարաւային Ամերիկաները տեղաւորուած մեր հայրենակիցները բաւարար չէին կարծես, լեցուցած են նաեւ Ռուսիոյ Դաշնութիւնը, որովհետեւ իրենց մայրենի լեզուն կը նկատեն ռուսերէնը… Ոչ մէկ դժուարութիւն որդեգրումի, մերուելու խորհրդային օրերէն «եղբայրացած» ժողովուրդներու միջեւ:
Ներկայիս կրնանք ըսել, որ վերջերս «յայտնաբերուած» տեղեկութիւնները` մասնաւորաբար Հայաստան այցելած սփիւռքահայերու բերնէն լսուած. «Լսեցի՞ք, Հայաստանի հայերը կը հրաժարին Հայաստանի իրենց քաղաքացիութենէն, կ՛ընդունին ռուս ըլլալ, կ՛ունենան ռուսական քաղաքացիութիւն` փոխան իրենց տրուելիք տունի, աշխատանքի, Ռուսիոյ ծայրագոյն հողամասերուն վրայ հաստատուելու: Դէպի Սիպերիա եւ դէպի Չինաստանի սահմանները դատարկ մնացած, հայաստանցիներու բառերով` «խոպան» տարածքները ծաղկեցնելու»…
Ապրի՛ք հայեր, հայրենի մեր եղբայրներ: Ապրի՛ք, հազա՛ր ապրիք, որ անտէր լքած էք ձեր գիւղերը, դատարկած էք մեր չքնաղ երկիրը, պարզ այն պատճառով, թէ` Հայաստանի մէջ անգործ են, անօթի են եւ այլն»…
Անօթի՞… Եթէ ոեւէ մէկը ձեռքերը ծալած նստի, մանաւանդ` երիտասարդը, այր մարդը կամ տղամարդը, եթէ ան ձեռք չառնէ բահն ու բրիչը, չծաղկեցնէ հայրենի իր ծննդավայր գիւղը, անօթի կը մնայ: Յստակ է օտար երկիրներու ղեկավարներուն նպատակը. Հայաստանը ձգել առանց հայի… Հայաստան` առանց հայի: Այս կ՛ընէ թուրքը` իր արեան թոյնէն մղուած, այս կ՛ընեն միւս մեծ երկիրները, ներկայիս` Ռուսիան` Հայաստանի եւ հայուն մեծ բարեկամը:
Նոր-նոր կ՛անդրադառնան լրատուական միջոցները Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ, թէ վեց տարի առաջ համաձայնուած ծրագիր մըն է, որ կը գործադրուի հետեւողական արտօրանքով: Վեց տարի առաջ սկսած արտագաղթը մեծաքանակ ծաւալ ստացած է այսօր: Լքել հայրենիքը, հայ ըլլալը, ընդունիլ ռուս ըլլալը, այն ատեն կ՛արժանանաս Ռուսիոյ ձիւնապատ կամ տաք հողերուն վրայ հաստատուելու բախտին:
Ի՞նչ ըսենք այս ցաւին դիմաց, երբ մեր խիղճերը ծախած ենք: «Արի տո՞ւն», թէ՞ հրաժարէ հայութենէդ, երկրէդ, լեզուէդ, ապա երգիչներ հրաւիրէ Հայաստանէն` հայութենէ պարպուած հոգիդ մխիթարելու, զղջումդ մեղմացնելու:
Այս իրողութիւնը, այս շատ ցաւալի երեւոյթը ինծի յիշեցուց հանգուցեալ մօրեղբայրս, քեռիս, որ հիանալի վարպետ ջութակահար էր: Միասին կ՛ապրէինք նոյն տան մէջ, Պուրճ Համուտ: Երբ ան կը նուագէր, մենք` մանուկներ, կը հետեւէինք իր նուագին եւ իր երգին, կը բոլորուէինք, կ՛երգէինք եռանդուն, բարձրաձայն: Բազմատեսակ էր քեռիիս երգացանկը. կը սկսէր յեղափոխական երգերով, կը հասնէր Կոմիտասին, յետոյ` միւս երգերուն, որոնց տեսակին չէինք անդրադառնար. կը հասկնայինք միայն քաջերու երգ ըլլալը, կ՛ոգեւորուէինք: Քանի որ մանկութեան սորված-իւրացուած ամէն ինչ չի մոռցուիր, այս օրերուն յիշեցի իմ սորված երգերէն մէկը, զոր քեռիս կ՛երգէր իր նուագով, ամենայն խանդավառութեամբ, որովհետեւ երգը ունէր քայլերգի հնչեղ ու զօրեղ կշռոյթ.
«Ո՞րն է աշխարհ Հայաստան,
Միթէ սա՞ է, Ռուսաստա՞ն,
Չէ՛, չէ` սխալ է,
Մեր աշխարհը այն չէ,
Մեր աշխարհն է Հայաստան»:
Այս ամէնը յիշելով ու ներկայի մեր հայաստանցի եղբայրներուն նոր «հայրենակիցներ» ունենալու կեղծ սէրը զիս կ՛ամչցնէ, կ՛ընդվզեցնէ:
Սիրելիներ, Հայաստանը պարպող հայեր, դուք անօթի չէք մեռնիր, եթէ աշխատանքը սիրէք, եթէ ծուլութիւնը հեռացնէք ձեզմէ եւ գիտնաք քրտինք թափել: Հայաստան այցելած իւրաքանչիւր հայ կը վկայէ հայաստանցի երիտասարդին, այր մարդուն անգործ թափառելուն մասին: Ափսո՜ս: Ո՞վ փճացուցած է հայուն պապենական բարոյական խիղճը: Ո՞ւր փնտռենք հայրենասիրութիւնը…
- 0 Comments
- 40 views
- Tweet
Email
Print



