Նամականի
By adminx - Mon Oct 29, 5:44 am
- 0 Comments
- 94 views
- Tweet
Email
Print
ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Ընդհանրապէս սփիւռքի մամուլը տարուէ տարի սկսած է Հայաստանի իշխանութեան եւ մանաւանդ այսօրուան քաղաքական վերնախաւին հետ թոյլ եւ մեղմ կեցուածք ցուցաբերել:
Մտահոգութիւն մը, որ զգալիօրէն սփիւռքի նախա֊րա֊րութեան ստեղծումէն ետք սկսաւ զարգանալ:
Շքանշանները, խորհրդաժողովները, յուշանուէրները կամ ընդհանրապէս մեծարելու այս քաղաքականութիւնը մէկ կողմէ, միւս կողմէ` նաեւ ամէն բան վարդագոյն ներկայացնելը մեղմ, ոչ քննադատական մօտեցումը մամուլին, մանաւանդ գրաւոր մամուլին պարտականութենէն սկսած է հեռացնել:
Այսօր, փաստօրէն, եթէ կ՛ուզենք Հայաստանի ներքին, քաղաքական, տնտեսական, կրթական եւ ընկերային հարցերուն, տագնապներուն լաւապէս տեղեակ ըլլալ, ընդդիմադիր կայքէջերը պէտք է կարդանք, որպէսզի կարենանք կողմնորոշուիլ:
Փաստօրէն սփիւռքահայ մամուլէն, բացի ՀՅԴ երեսփոխաններուն արտայայտութիւններէն, ուրիշ ո՛չ մէկ անդրադարձ, ո՛չ մէկ նշմար, ո՛չ մէկ յօդուած, ո՛չ մէկ քննարկում տեղի կ՛ունենայ:
Չի բաւեր Հայաստանի միայն վարդագոյն կողմը ցոյց տալ: Հայրենիքի մը կերտումը, զարգացումը եւ բարգաւաճումը բոլորիս պարտականութիւնն է, եւ մամուլը մեծ դեր ունի այս ուղղութեամբ:
Դժբախտաբար վերջին տարիներուն սփիւռքի անկախ թէ կուսակցական մամուլը օրուան իշխանութեան հաճոյք տուող եւ լաւ երեւնալու ճիգի մը մէջն է:
Անցնող ամսուան ընթացքին, օրինակի համար, չորս դէպքեր պատահեցան Հայաստանի մէջ, որոնք քննադատութեան, զգաստութեան եւ կառավարութեան կառավարման բարոյական հարցեր են. ինչո՞ւ չանդրադառնանք, ինչո՞ւ հարցերը խոշորացոյցով դիտելու փոխարէն` բնաւ չուզեցինք տեսնել: Բնաւ չգրեցինք, չտագնապեցանք սփիւռքահայութեան սեփականութիւնը չդարձուցինք, ըսելիք չունէի՞նք, թէ՞ տեսնելու եւ չտեսնելու քաղաքականութիւն վարելու մէջ ենք:
ա.- Րաֆֆի Յովհաննէսեանի եւ Վարդան Օսկանեանի պատգամաւորութեան եւ անձեռնմխելիութեան հարցը:
բ.- Երեւանի կեդրոնը գտնուող արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքը 51 միլիոն տոլարի ծախելու քայլը:
գ.- Բանակի զինուորներուն կովու միսի փոխարէն` գոմէշի միս կերցնելու հարցը:
դ.- «Արմաւիա»-ի թափթփածութիւնը եւ սնանկութեան դռներու հասնիլը:
Տակաւին կրնամ թուել ուրիշ կէտեր: Սակայն այսօրուան մեր պայմաններուն մէջ բոլոր ժամանակներէ աւելի անհրաժեշտութիւնը կը զգացուի Հայաստանը սփիւռքահայութեան ներկայացնել բոլոր երեսներով: Հայաստանը միայն «Երգ երգոց» չէ, ոչ ալ` ժողովրդային երգերու մրցանք, ոչ ալ` հրապարակային փառատօներ կամ քաղաքացիութիւն ձեռք ձգելու միջոց, խորհրդաժողովներ: Պէտք է մեր ժողովուրդը գիտնայ նաեւ Հայաստանի ժողովուրդին առօրեայ տագնապները, կառավարութեան ձեռք ձգած եւ չձգած ծրագիրները եւ այս մէկը մամուլին դերն է:
Գալիք ամիսներուն նախագահական ընտրութիւններն են: Բնականաբար իշխող Հանրապետական կուսակցութիւնը իր բոլոր լծակներով յաղթական դուրս պիտի գայ: Սակայն սփիւռքահայ մամուլը պէտք է իր ըսելիքը ունենայ: Սփիւռքահայ մամուլը պէտք է իր կեցուածքը ունենայ: Այս ընթացքով մտահոգիչ եւ ոչ քաջալերական ընթացքի մը մէջ ենք, որ ձեւով մը պատուիրուած մամուլի տպաւորութիւն կը ձգէ:
Հայաստանի իշխանութիւնը քննադատելը, կարծէք, կարմիր գիծ մըն է, եւ չենք գիտեր` ո՞վ քաշեր է այդ գիծը:
Ամէն մարդ, ամէն հայ պէտք եղած չափով գիտակից է իր հայրենիքի բարգաւաճման, զարգացման եւ բարօրութեան: Կը մնայ, որ մամուլը իր ճիշդ դերը ստանձնէ:
- 0 Comments
- 94 views
- Tweet
Email
Print



