Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
By adminx - Mon Oct 29, 5:30 am
- 0 Comments
- 83 views
- Tweet
Email
Print
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Պիտի կարենաք իրագործել ձեր որոշած ծրագիրը, որ կը վերաբերի ձեր ասպարէզին: Ձեզի պիտի հետեւին ձեր գործակիցները` գոհունակութեամբ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Մի՛ մտահոգուիք այն հարցին մասին, որ կը վերաբերի ձեր պիւտճէին: Պիտի կարենաք նոր կարգադրութիւններով հարցը փակել եւ հանգստանալ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Նոր ծրագրաւորում մը պիտի դասաւորուի, ինչ կը վերաբերի գիտական կամ արուեստի վերաբերեալ նորութիւններու: Պիտի կարենաք քայլ պահել ձեր շրջապատի նորութիւններուն հետ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Հետեւեցէք ձեր շուրջի անցուդարձերուն, տնտեսական ըլլայ թէ ընկերային: Պատասխանեցէք ձեզի ուղղուած հրաւէրին: Աշնանային օրերն ալ հաճելի առիթներ կը ստեղծեն:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Եղանակի փոփոխութիւնը նկատի առէք: Ձեր հագուածքին ուշադիր եղէք, նաեւ` ձեր կերուխումին: Ամէն եղանակ ունի իր պահանջը, հետեւեցէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Տարին ունի նոր դէմքերու ծանօթանալու պատեհութիւններ: Անոնք կրնան ըլլալ գիտութեան կամ պարզապէս արհեստի վարպետներ: Նկատի առէք անոնց թելադրանքները:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Դուրս ելած էք երկար ատենէ ի վեր ձեզ մտահոգող կամ յոգնեցնող մթնոլորտէն: Ձեր ուսերէն վար պիտի դնէք յոգնածութեան բեռը: Ուրախացէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Հաշիւ մը ըրէք ձեր շահածին եւ ծախսածին միջեւ: Անշուշտ վերամուտը անցած է եւ հիմա կը մտածէք դասաւորելու գալիք օրերու պիւտճէի վերաբերեալ հարցերը: Դիւրութիւններ կրնաք ունենալ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Խոնարհութիւնը ձեր սկզբունքը պէտք է ըլլայ: Գիտցէք, որ ձեզմէ աւելի բարձր մակարդակի անձեր կան, որոնք իրենց յաջողութիւնը կը պարտին իրենց խոնարհութեան եւ հաւատարմութեան:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Պիտի ընկերանաք անձի մը, որ ձեզ հրաւիրած է միասնաբար ներկայ ըլլալու մշակութային հանդիսութեան մը: Մի՛ մերժէք անոր առաջարկը:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Հեռաւոր բարեկամներ պիտի յիշեն ձեզ, հեռաձայնային կամ համացանցային կապ մը ձեզ պիտի միացնէ: Անոնք ձեզի պիտի ուղղեն հրաւէր մը, ընդունեցէք: Նոր վայրեր տեսնելու առիթ մըն է:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր տնային աշխատանքները կատարելու ստիպուած էք: Ձայն մը տուէք օգնականի մը, որ պիտի թեթեւցնէ ձեր աշխատանքը: Մի՛ դժկամակիք:
- 0 Comments
- 83 views
- Tweet
Email
Print



