«Այո, Պարտուեցանք, Սակայն Ատիկա Ողբերգութիւն Չէ» Կ՛ըսէ Մուրինիօ
By adminx - Fri Oct 26, 5:53 am
- 0 Comments
- 9 views
- Tweet
Email
Print
Ռիալ Մատրիտի գլխաւոր մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ` մեկնաբանելով գերմանական Պորուսիա Տորթմունտէն իր խումբի 2-1 արդիւնքով կրած պարտութիւնը կը յայտնէ, որ «այո՛, մենք պարտուեցանք, սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ ողբերգութիւն տեղի ունեցած է: Մենք բաւական բարդ խմբակի մէջ ենք, որուն մէջ լուրջ մրցակիցներ կան: Մենք բաւարարուած չենք, սակայն խմբակին մէջ երրորդ դիրքը կը գրաւենք»:
«Հիմա 6 կէտ ունինք: Մեր առջեւ` մեր դաշտին վրայ երկու խաղ կայ: Այնպէս որ յաջորդ հանգրուան անցնելու բոլոր հնարաւորութիւնները մեր ձեռքն են:
«Պորուսիան լուրջ ճնշում կը գործադրէր մեր ֆութպոլիստներուն վրայ: Մրցակիցը հոյակապ կը պաշտպանուէր, այդ իսկ պատճառով մենք այդքան մեծ խնդիրներ ունեցանք յարձակումներ կազմակերպուելու ընթացքին», ըսած է ան:
- 0 Comments
- 9 views
- Tweet
Email
Print



