Monday May 20, 2013

Նախագահ Սարգսեան Կ՛անդրադառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան Եւ Արցախի Հիմնահարցին

By adminx - Fri Oct 26, 7:40 am

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան իտալական «Քոթիտիանօ Նասիոնալէ» պարբերականին տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստան, Եւրոպական Միութիւն, Միացեալ Նահանգներ եւ Ռուսիա կը սպասեն, որ Թուրքիա փոխէ իր դիրքորոշումը:

Ըստ նախագահին, Հայաստան այնքան քաջութիւն ունեցած է, որ Թուրքիոյ հետ սկսած է յարաբերութիւններու բնականոնացման կարեւորագոյն հոլովոյթը, սակայն Անգարան ատիկա կապեց անընդունելի պայմաններու հետ:

Սերժ Սարգսեան ընդգծեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը կը շարունակէ մոռցուած մղձաւանջ մը մնալ: «Եթէ Ողջակիզումին մասին մենք ամէն ինչ գիտենք, ինչ որ արդարացի է, ապա հայերու ոչնչացման պատմութեան վրայ թանձր մթութիւն կայ: Ասիկա կը կոչուի երկակի չափորոշիչներ, այսինքն` երկու տարբեր մօտեցում նմանօրինակ քաղաքական իրադրութիւններուն հանդէպ: Մօտ 100 տարի առաջ մէկուկէս միլիոն հայեր ոչնչացան: Քանի՞ հոգի Եւրոպայի կամ ընդհանրապէս աշխարհի մէջ այդ իրողութիւնը կը ճանչնայ: Արդէն 1939 թուականին Հիթլերը` իր զօրավարներու հարցումին պատասխանելով ըսաւ. «Ո՞վ այսօր կը յիշէ հայերու ոչնչացումը»: Հայոց ցեղասպանութիւնը մոռացութեան տալը արդէն խլացուցիչ լռութիւն է մարդկութեան համար: Եւ քանի որ այսօր Եւրոպան Նոպելեան մրցանակակիր է, անոր ձայնը պէտք է բոլորին լսելի դառնայ», յայտարարեց Սերժ Սարգսեան:

Հայաստանի նախագահը յայտնեց, որ միջազգային հանրութիւնը երկակի չափանիշներ կը դրսեւորէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին գծով եւս:

Անդրադառնալով լրագրողին այն դիտարկման, որ Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակը լաւատեսութիւն չի ներշնչեր, յատկապէս Ազրպէյճանի քարիւղի գործօնին պատճառով, Սերժ Սարգսեան յայտնեց, որ ասիկա երկակի չափանիշներու այլ օրինակ մըն է: Սերժ Սարգսեան նշեց, որ Քոսովոյի հարցը, որ նախկին Եուկոսլաւիոյ մէջ ինքնորոշման ձգտող ալպանական ներգաւառ էր, լուծուեցաւ նոյնիսկ միջազգային ռազմական միջամտութեամբ, մինչդեռ Ղարաբաղի պարագային կարծես կը տիրէ գրեթէ կատարեալ մոռացութիւն մը:

Ըստ նախագահին, ճիշդ է, որ քարիւղը կրնայ շահաւէտ ըլլալ ազրպէյճանական դիրքորոշումներուն համար, «բայց արդեօք վստահ ենք, որ այս տնտեսական թէզը միշտ պիտի գերակայէ միւս հարցերուն»:

Նախագահը նշեց, որ ինք լաւատես է` պայմանով, որ Ազրպէյճան չշարունակէ կառչիլ ծայրայեղութեան, անհանդուրժողականութեան եւ այլատեացութեան: Ան ծայրայեղութեան իբրեւ օրինակ նշեց  Սաֆարովի հերոսացումը` աւելցնելով, որ Հայաստանի դիրքորոշումը կը համընկնի ԵԱՀԿ-ի դիրքորոշման հետ, որ կը պահանջէ դիւանագիտական լուծում` հիմնուած ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ Հելսինքիի վերջնական աքթի վրայ, այն է` ուժի կիրառումի բացառում, տարածքային ամբողջականութիւն եւ ազգերու ինքնորոշման իրաւունք:

 

 

Leave a Reply

Advertisement