Thursday May 23, 2013

Ազգային Ժողովը Ընդունեց Բարձրացնել Նուազագոյն Աշխատավարձը

By adminx - Fri Oct 26, 7:37 am

Երէկ Ազգային ժողովին մէջ ընդունուեցաւ «Նուազագոյն աշխատավարձի մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւն կատարելու օրէնքին նախագիծը, ըստ որուն, նուազագոյն աշխատավարձը կ՛աւելնայ 2500 դրամով: Ձայներու յարաբերակցութիւնը հետեւեալն էր. թեր` 65, դէմ` 7 եւ ձեռնպահ` 25:

Նախքան քուէարկութեան կայացումը` Ազգային ժողովի Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան քարտուղար Նայիրա Զոհրապեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ կուսակցութիւնը ձեռնպահ պիտի մնայ: Ազգային ժողովի Հայ ազգային քոնկրեսի խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրաբեան կոչ ուղղեց բոլորին` դէմ քուէարկելու օրէնքի նախագիծին եւ աջակցելու Քոնկրեսի նախաձեռնութեան, որ նուազագոյն աշխատավարձը կը սահմանէ 72.500 հազար դրամ: Ազգային ժողովի Ժառանգութիւն խմբակցութեան ղեկավար Ռուբէն Յակոբեան եւս տեղեկացուց, որ դէմ պիտի քուէարկեն, բայց ընդգծեց, որ ոչ թէ դէմ են աշխատավարձը բարձրացնելուն, այլ` այդքանով բարձրացնելուն:

Իր կարգին Ժառանգութիւն խմբակցութեան պատգամաւոր Զարուհի Փոստանճեան յայտնեց, որ 2500 դրամով աշխատավարձը բարձրացնելը պարզապէս կը փաստէ, որ Հայաստանի քաղաքացիներուն ողորմութիւն կը տրուի, ինչ որ յարիր չէ ո՛չ Ազգային Ժողովին, ո՛չ ալ կառավարութեան: «Մեր քաղաքացիները արժանապատիւ քաղաքացիներ են, եւ նուազագոյն աշխատավարձը պէտք է ըլլայ առնուազն 60 հազար դրամ», յայտարարեց Փոստանճեան եւ ընդգծեց, որ համաձայն են Քոնկրեսի նախաձեռնութեան:

Նշենք, որ ներկայիս Հայաստանի մէջ նուազագոյն աշխատավարձը 32 հազար 500 դրամ է, այս յաւելումով պիտի ըլլայ 35 հազար դրամ:

 

Leave a Reply

Advertisement