Thursday Jun 20, 2013

Ուիսամ Հասանի Սպանութեան Առիթով Ցաւակցութիւնները Կը Շարունակուին

By adminx - Fri Oct 26, 7:32 am

Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախկին ընդհանուր տնօրէն` հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի սպանութեան առիթով, անոր ընտանիքը, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի, տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նորանշանակ ընդհանուր տնօրէն գնդապետ Իմատ Օսման երէկ ցաւակցութիւններ ընդունեցին ներքին ապահովութեան ուժերուն ընդհանուր տնօրէնութեան կեդրոնին մէջ:

Մեծ թիւով անձնաւորութիւններ եւ պատուիրակութիւններ այցելեցին կեդրոն, ուր անոնք ցաւակցութիւն յայտնեցին Հասանի սպանութեան առիթով:

Ցաւակցողներուն շարքին էին վարչապետարանի պահակագունդին մէկ պատուիրակութիւնը` ընկերակցութեամբ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Սուհէյլ Պուժիի, զինուորական բազմաթիւ պատուիրակութիւններ, բանակի պատուիրակութիւններ, ինչպէս նաեւ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչ քաղաքական անձնաւորութիւններ, որոնց կարգին` Հըզպալլայի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին երկրագործութեան նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ներկայացուցիչ երեսփոխաններ Սիմոն Ապի Ռամիա եւ Ալեն Աուն, երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ, երեսփոխան Այուպ Հըմայէտ,«Թաուհիտ» հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ, արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր եւ ուրիշներ:

Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն մէջ տիրական ներկայութիւն էր Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխաններուն ներկայութիւնը:

Հասանի ցաւակցութիւն յայտնեցին նաեւ կարգ մը դեսպաններ, որոնց կարգին էր նաեւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի. ցաւակցեցան նաեւ ընդհանուր դատախազ Հաթեմ Մատի եւ դատական իշխանութեանց գերագոյն խորհուրդի նախագահ Ժան Ֆահըտ:

Արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր նշեց, որ Ուիսամ Հասանի կորուստը մեծ է Լիբանանի համար` աւելցնելով, որ Հասանի սպանութիւնը կորուստ է նաեւ երկրին ապահովական կայունութեան:

Նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ Հըզպալլայի անունով իրենք ցաւակցութիւն կը յայտնեն Ուիսամ Հասանի սպանութեան առիթով եւ անոր ընտանիքին համբերութիւն կը մաղթեն, իսկ Լիբանանին` խաղաղութիւն եւ ապահովական կայունութիւն: Ան կոչ ուղղեց բոլորին` ազգային գիտակցութեամբ վարուելու երկրին մէջ տիրող կացութեան նկատմամբ:

Հարկ է աւելցնել, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտնեց, թէ Ուիսամ Հասանի սպանութիւնը զիրենք ետ պիտի չմղէ` ահաբեկչական ծրագիրներուն դէմ պայքարելէ:

Իր կարգին, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլի բարձր գնահատեց Հասանի ունեցած դերակատարութիւնը` աւելցնելով, որ ան հիմնական աշխատանք կը տանէր լիբանանցիներուն ապահովութիւնը պաշտպանելու առումով:

Միւս կողմէ, Հասանի սպանութեան հետաքննութեան մասնակցելու նպատակով ամերիկեան դաշնակցային գաղտնի սպասարկութեան` «Էֆ. Պի. Այ.»-ի խմբակը երէկ ժամանեց Լիբանան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ ընդհանուր դատախազ Հաթեմ Մատիի հետ:

Նշենք, որ Հասանի սպանութեան շուրջ բացուած հետաքննութեան շրջագիծին մէջ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը պահանջած է ունենալ Էշրեֆիէի մէջ զետեղուած տեսախցիկներուն ժապաւէնները, որոնք նկարած են պայթումէն առաջ եւ անկէ ետք տիրող կացութիւնը:

 

 

Leave a Reply

Advertisement