Նախագահ Սլէյման Քննարկեց Քաղաքական, Դիւանագիտական, Տնտեսական Եւ Տեղեկատուական Հարցեր
By adminx - Fri Oct 26, 7:29 am
- 0 Comments
- 5 views
- Tweet
Email
Print
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ քննարկեց քաղաքական, դիւանագիտական, տնտեսական, դատական եւ տեղեկատուական շարք մը հարցեր:
Նախագահական պալատին մէջ նախագահ Սլէյման ընդունեց արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի արտաքին յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ դիւանագիտական անձնակազմին թղթածրարը` նկատի ունենալով տարբեր երկիրներու մէջ դեսպաններ եւ հիւպատոսներ ճշդելու անհրաժեշտութիւնը:
Այս հարցերուն կողքին, նախագահ Սլէյման քննարկեց նաեւ 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն արտերկրի լիբանանցիներուն մասնակցութեան կարելիութիւնները:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուքի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղեկատուական մարզին դիմագրաւած հարցերը, յատկապէս քաղաքական ճառերը մեղմելու կարեւորութիւնը, ի մասնաւորի երբ քաղաքական անձնաւորութիւնները պատկերասփիւռի կայաններու այս կամ այն քաղաքական յայտագիրին մասնակից հիւրը կ՛ըլլան:
Տաուք հարց դրաւ, որ եթէ քաղաքական անձնաւորութիւնները իրար չեն կրնար լսել, ապա անոնք ի՞նչպէս ժողովրդավարութիւն կը կիրարկեն:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ տնտեսական խորհուրդներու նախագահ, նախկին նախարար Ատնան Քասսար, որ նախագահ Սլէյմանի յայտնեց, թէ տնտեսական խորհուրդները կ՛ողջունեն Լիբանանի կայունութիւնը պահպանելու նպատակով անոր ի գործ դրած ջանքերը:
Քասսար կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր ղեկավարութիւններուն` ընդառաջելու Ազգային երկխօսութեան կոչին:
Նախագահ Սլէյմանի այցելուներէն եղան նաեւ ընդհանուր դատախազ Հաթեմ Մատի, դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ Ժան Ֆահըտ, նախկին երեսփոխան Մանսուր Պոն եւ Հիուար կուսակցութեան նախագահ Ֆուատ Մախզումի:
- 0 Comments
- 5 views
- Tweet
Email
Print




