Wednesday Jun 19, 2013

Սինիորա Կը Շեշտէ Ընդդիմութեան Կողմէ Կառավարութեան Հրաժարականին Պահանջը

By adminx - Fri Oct 26, 7:26 am

Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, նախկին վարչապետ, երեսփոխան Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ արաբական երկիրներու եւ եւրոպական երկիրներու դեսպանները, որոնց հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը` ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի սպանութենէն ետք:

Հանդիպումէն ետք վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտնեց, որ կառավարութեան անդամներուն գործելակերպը եւ կառավարութեան որդեգրած քաղաքականութիւնը զիրենք մղած է հասնելու կառավարութեան հրաժարականի պահանջին:

Սինիորա յայտնեց, որ իրենք կը պահանջեն լիբանանեան չէզոք կառավարութեան մը կազմութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանի մէջ քաղաքական լարուածութիւնը նուազեցնել եւ երկրին վերադարձնել ազգային գործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ աւելի լաւ մթնոլորտ եւ կազմակերպուածութիւն ապահովել` 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն:

«Մենք կը պահանջենք կառավարութեան հրաժարականը եւ, ըստ սահմանադրութեան, այդ կառավարութիւնը կը վերածուի ընթացիկ աշխատանքներու հսկող կառավարութեան, հետեւաբար, անիշխանութիւն չ՛ստեղծուիր: Անցնող տարիներուն ընթացքին Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն ղեկավարներէն բացի ոչ ոք սպաննուեցաւ, իսկ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը պոյքոթի պիտի ենթարկեն այն հանդիպումները, որոնց կառավարութիւնը ներկայ պիտի գտնուի», հաստատեց Սինիորա:

Նշենք, որ նախանցեալ երեկոյեան Սինիորա ուղղուեցաւ Ճետտա, ուր ան հանդիպում մը ունեցաւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:

Միւս կողմէ, «Նահար» օրաթերթին համաձայն, անցեալ երեքշաբթի գիշեր Պիքֆայայի մէջ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ ընդունած է Սինիորան, նախկին նախարար Մոհամետ Շաթահը, երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթը եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդատու Նատեր Հարիրին:

 

Leave a Reply

Advertisement