Համատէ – Ֆապիւս Հանդիպում
By adminx - Fri Oct 26, 7:24 am
- 0 Comments
- 6 views
- Tweet
Email
Print
Երեսփոխան Մարուան Համատէ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւսի հետ:
Քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս Էշրեֆիէի պայթումէն ետք երկրին մէջ տիրող քաղաքական եւ ապահովական իրավիճակը:
Համատէ յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ Պաապտայի յայտարարութիւնը յարգելու եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կողմէ նոր ու չէզոք կառավարութիւն մը կազմելու աշխատանքը դիւրացնելու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ արգիլել Լիբանանը դէպի յաւելեալ վտանգներ առաջնորդելու քայլերը:
Համատէ նաեւ ընդգծեց, որ շրջանային զարգացումներուն լոյսին տակ հարկ է պահպանել լիբանանեան քաղաքական, ապահովական ու տնտեսական կայունութիւնը:
- 0 Comments
- 6 views
- Tweet
Email
Print



