Tuesday May 21, 2013

Զօր. Քահուաժի-Ռայի Պատրիարք Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

By adminx - Fri Oct 26, 7:23 am

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ` շնորհաւորելու համար Ռայի պատրիարքին կարտինալ ընտրութիւնը:

Հաղորդակցութեան ընթացքին Ռայի պատրիարքը շնորհակալութիւն յայտնեց բանակին եւ ապահովական բոլոր ուժերուն` Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու իմաստով անոնց ի գործ դրած ջանքերուն համար:

Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ լիբանանեան բանակը բոլոր լիբանանցիներուն երաշխիքն է:

Միւս կողմէ, զօր. Քահուաժի Եարզէի մէջ ընդունեց պրազիլական ծովուժի հրամանատար ծովակալ Խուլիօ Սուարես տէ Մուրա Նեթոն, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գումակային ռազմափորձերու իմաստով փոխգործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:

Զօր. Քահուաժիի այցելեց նաեւ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան քաղաքական հարցերու տնօրէն Մարք Սետուիլը, ընկերակցութեամբ` Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրի:

Քննարկուեցան լիբանանեան-բրիտանական յարաբերութիւնները եւ երկու երկիրներու բանակներուն միջեւ գործակցութեան ամրապնդման հեռանկարները:

Եարզէի այցելուներէն եղաւ նաեւ լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրի: Քննարկուեցաւ Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ շրջաններուն մէջ տիրող կացութիւնը:

 

Leave a Reply

Advertisement