Ատհայի Առիթով` Պըրրի Ստացաւ Շնորհաւորական Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւններ
By adminx - Fri Oct 26, 7:21 am
- 0 Comments
- 8 views
- Tweet
Email
Print
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ստացաւ շնորհաւորական հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ` Ատհայի տօնին առիթով:
Հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ կատարող ղեկավարներուն շարքին էին Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն, Սուրիոյ Ազգային ժողովի նախագահ Մոհամետ Լահհամ, Յորդանանի խորհրդարանի նախագահ Թահեր Մասրի, Եմէնի խորհրդարանի նախագահ Եհիա Ռայի, Պաղեստինեան խորհրդարանի նախագահ Սելիմ Զաանուն, Օմանի խորհրդարանի նախագահ Խալետ պըն Նասըր Մահուլի, Քաթարի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ պըն Մուպարաք Խալիֆի, Արաբական խորհրդարաններու համադաշնակցութեան նախագահ Նուրէտտին Պոշքոժ, Իրաքի նախկին վարչապետ Իյատ Ալլաուի:
Պըրրի շնորհաւորական հեռագիրներ ստացաւ նախկին վարչապետներ Սաատ Հարիրիէն եւ Ֆուատ Սինիորայէն:
Միւս կողմէ, Պըրրիի տեղեկատու գրասենեակը հրապարկեց հաղորդագրութիւն մը, որուն ճամբով խորհրդարանի նախագահը Ատհայի առիթով շնորհաւորեց լիբանանցիները եւ յատակպէս իսլամները` մաղթելով, որ Լիբանան կը պահպանէ իր ապահովական կայունութիւնը:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Պըրրի Ատհայի տօնին առիթով շնորհաւորութիւններ պիտի չընդունի` նկատի ունենալով երկրին մէջ տիրող ողբերգական կացութիւնը:
- 0 Comments
- 8 views
- Tweet
Email
Print



