Friday May 24, 2013

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

By adminx - Fri Oct 26, 7:21 am

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն մեկնեցաւ Քանատա, ուր ան հանդիպում պիտի ունենայ լիբանանեան գաղութին ներկայացուցիչներուն հետ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ սէուտական «Ուաթան» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Հըզպալլա գործադրած է Սուրիոյ եւ Իրանի ծրագիրը` ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի սպանութեան առնչուող:

ՀԸԶՊԱԼԼԱ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ան խստիւ դատապարտեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան Սամիր Ժահժահի կատարած յայտարարութիւնները: Ան նշեց, որ Ժահժահի արտայայտութիւնները յարանուանական գրգռութիւններու կրակին վրայ ձէթ կը թափեն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ հակադրութիւնը այն է, որ Լիբանանի կառավարութիւնը կը վստահի Իսրայէլի դաշնակից արեւմտեան պետութիւններուն զօրակցութեան:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Ալի Քանսօ յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը ձախողած են շրջանային զարգացումները մեկնաբանելու իմաստով:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, արեւմուտքցի դիւանագէտներէն քաղելով իր տեղեկութիւնները, յայտնեց, թէ 18 լիբանանցի անձնաւորութիւններ կրնան սպանութեան թիրախ դառնալ: Անոնցմէ են` Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ, Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա, նախկին փոխվարչապետ Էլիաս Մըր, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի, երեսփոխան Պութրոս Հարպ, Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխաններ, ինչպէս նաեւ նախկին երեսփոխան Ֆարես Սուէյտ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի զինուորական պատասխանատու, հանգստեան կոչուած գնդապետ Ամիտ Համմուտ յայտնեց, որ ինք տեղեակ է, թէ Լիբանանի մէջ սիւննի-շիի սադրանքներ կը նախապատրաստուին: Ան հաստատեց, որ իրենք պիտի սկսին սիւննի համայնքը զինել` Հըզպալլայի դէմ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը զինուորական պատասխանատու չունի, իսկ հանգստեան կոչուած գնդապետ Ամիտ Համմուտ Մուսթաքպալ հոսանքի համակիր է:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ Ռումիէի բանտէն բանտարկեալներու փախուստ տալուն թղթածրարը տակաւին չէ փակուած եւ յանցագործը բացայայտուելու պարագային անոր դէմ անմիջապէս պատիժներ պիտի գործադրուին:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ուաժիհ Պաարինի կոչ ուղղեց` համախմբուելու լիբանանեան բանակին շուրջ, որ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը երաշխաւորող միակ հաստատութիւնն է:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան փոխնախագահ Սըժաան Ազզի շեշտեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան համար Լիբանանի կառավարութեան փոփոխութիւնը լաւագոյն լուծումն է: Ան նկատել տուաւ, որ այդ կառավարութիւնը պիտի ըլլայ ազգային փրկութեան կառավարութիւն եւ սեղմ  ազգային երկխօսութիւն:

ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ շարժումի նախագահ Միշել Մուաուատ յայտնեց, որ հարկ է կազմել լիբանանեան գերիշխան կառավարութիւն մը, որուն առաքելութիւնը կ՛ըլլայ կազմակերպել 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւնները: Ան աւելցուց, որ լիբանանեան ընդդիմութիւնը յաղթական դուրս պիտի գայ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի նշեց, որ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հետ իր ունեցած հանդիպումը եղած է դրական եւ աւելցուց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ջանքերն ու խորհրդակցութիւնները ողջունելի են:

ԸՍՏ ամերիկեան «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին, հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասան ամերիկեան վարչակազմին յայտնած է, թէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ կրնայ երկար դիմանալ, իսկ Սուրիոյ պատերազմը կրնայ երկարիլ եւ Սուրիայէն դուրս ելլել ու տարածուիլ:

ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան նախագահ Ապտել Ռահիմ Մըրատ յայտնեց, որ յառաջիկայ հանգրուանին Լիբանանի մէջ պիտի տիրէ ապահովական կայունութիւն: Ան աւելցուց, որ մօտիկ ապագային շրջանը պիտի վկայէ սուրիական Թաէֆ մը:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Մուխթարայի մէջ քաղաքական մեծաշուք հանդիպումի մը ընթացքին պիտի յայտարարէ իր զաւկին` Թայմուր Ժոմպլաթի ղեկավարութիւնը:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ժարիտա» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու ղեկավարները դիւանագիտական իրենց հաղորդակցութիւններուն ընթացքին շեշտած են վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կառավարութիւնը տապալելու անհրաժեշտութիւնը:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, դէպի վարչապետարան ներխուժելու նպատակն էր վարչապետ Նեժիպ Միքաթին սուրերով սպաննել:

 

 

Leave a Reply

Advertisement