Friday May 24, 2013

«Քաթարի Իշխանին Կազա Այցելութեան Նպատակը Ահաբեկչական Գործունէութիւնը Ֆինանսաւորելն Է» Ըսաւ Լիպըրման

By adminx - Fri Oct 26, 7:16 am

Աւիկտոր Լիպըրման

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման քննադատեց Քաթարի շէյխ Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանի իշխանին Կազա այցելութիւնը` յայտնելով, որ` «Քաթարի կողմէ պաղեստինցիներուն տրուած նիւթական օժանդակութիւնը բնակարանային ծրագիրներու եւ վերանորոգման աշխատանքներու համար պիտի չօգտագործուին, այլ` ահաբեկչական գործունէութեան ֆինանսաւորման նպատակով»:

Լիպըրման ըսաւ, որ` «պաղեստինցիներուն հետ ո՛չ խաղաղութիւն կայ, ո՛չ ալ հոլովոյթ` նկատի ունենալով, որ պաղեստինցի նախագահ Մահմուտ Ապպաս համաձայնութիւն գոյացնելով չէ հետաքրքրուած, այլ տագնապի մագլցումով»: Իսրայէլեան դիւանագիտութեան պետը վստահեցուց, որ` «պաղեստինցիները Իսրայէլի կողմէ խիստ քայլերու պիտի ենթարկուին, եթէ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովէն պահանջեն Պաղեստինը ճանչնալ իբրեւ ոչ անդամ պետութիւն»:

Պաղեստինեան Ֆաթհ շարժումի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Ապպաս Զաքի ալճերիական «Խապար» օրաթերթին յայտնեց, որ` «Քաթարի Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանի իշխանը պաղեստինեան օրինական իշխանութիւնները շրջանցելով Կազա այցելեց առանց պաղեստինեան նախագահ Մահմուտ Ապպասով ներկայացուած Պաղեստինեան իշխանութեան հետ խորհրդակցելու»: Ան քննադատեց «Քաթարի իշխանին Կազայի կառավարութեան հետ իբրեւ օրինական կառավարութիւն վարուիլը»:

 

Leave a Reply

Advertisement