Thursday May 23, 2013

Թուրքիոյ Մէջ Խտրականութիւն Բնաւ Չկա՞յ. «Անցեալները Թաքսիմի Հրապարակին Վրայ Հայերը Նախատող Որմազդներ Կախուեցան. Արդիւնքը Ի՞նչ Եղաւ»

By adminx - Fri Oct 26, 5:36 am

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

«Ռատիքալ»-ի մէջ Թարըք Ըշըք «Այս երկրին մէջ խտրականութիւն, ատելութիւն բնաւ չկա՞յ» խորագրին ներքեւ արձագանգ կը հանդիսանայ խորհրդարանի մարդու իրաւունքներու քննիչ յանձնախումբի նախագահ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամ Փեցի Այհան Սեֆեր Իւսթիւնի յայտարարութիւններուն: Այհան Իւսթիւն զարմանք յայտնած է, որ դատական համակարգին մէջ խտրականութեան կապուած որեւէ թղթածրար չկայ: «Այս երկրին մէջ խտրականութիւն, կամ խտրականութենէ ծնունդ առնող ատելութեան յանցագործութիւն բնաւ չկա՞յ» հարցուց Իւսթիւն: Ան դիտել տուաւ, որ եթէ այժմու օրէնսդրութիւնը այս նիւթին համար բաւարար չէ, պէտք է պատրաստել նոր օրէնք մը եւ կարմիր մատիտով ալ ընդգծել զայն: Իւսթիւն ըսաւ, որ ատելութեան բոլոր յանցագործութիւնները իրենց մէջ կը բովանդակեն նաեւ խտրականութեան ոգի: Դատախազները եւ դատաւորները այս նիւթին մէջ կը դժուարանան վճիռներ արձակելու:

«Ոեւէ անձ, որ կը կարծէ, թէ խտրականութեան ենթարկուած է, անմիջապէս մամլոյ ասուլիս մը կը սարքէ ու կը գանգատի, բայց նոյն անձը բնաւ չի դիմեր դատարան, որ հոն ճիշդ իր դիմացը կը գտնուի: Դատարաններու մէջ գրեթէ բնաւ չկայ խտրականութենէ գանգատող թղթածրար: Մինչդեռ այս երկրին մէջ խտրականութիւն չկա՞յ: Իրականութեան մէջ ամէն մարզի մէջ եւ ամէնուն նկատմամբ խտրականութիւն կայ: Եթէ կ՛ուզենք, որ վերջ տրուի խտրականութեան, թէ՛ որպէս ընկերութիւն պէտք է պախարակենք այդ խտրականութիւնը, թէ՛ պէտք է պատժենք», ըսաւ Իւսթիւն: Այս լուրին այլապէս հետաքրքրական կողմն այն է, որ Իւսթիւն իր ըսածները փաստելու համար իբրեւ օրինակ նշեց այն որմազդները, որոնք հայերու դէմ ատելութիւն կը յայտնէին ու մեծահասակ կախուած էին Թաքսիմի հրապարակին վրայ, կամ ուրիշ տեղեր եւս, Խոջալուի պատահարներու առիթով կազմակերպուած հանրահաւաքի առիթով:

«Օրինակ, հանրահաւաքի մը առիթով հայերը նախատող որմազդներ կախուեցան Թաքսիմի հրապարակին վրայ, ի՞նչ եղաւ, եթէ ասիկա ատելութեան դրսեւորում չէ, ուրիշ ո՞ր բանը ատելութեան դրսեւորում պիտի նկատուի», ըսաւ Իւսթիւն:

Իւսթիւն իր մարդասիրական խօսքերը շարունակելով` դիտել տուաւ, որ մարդիկ ատելութիւն դրսեւորած կ՛ըլլան, երբ այս կամ այն մարդը թիրախ կը դարձնեն անոր նախընտրութիւններուն պատճառով: Դուն մարդոց հագուստ կապուստը կամ մտածումները կրնաս չսիրել, բայց այդ զգացումը չես կրնար վերածել ատելութեան դրսեւորումի: Չես կրնար մարդիկը ատել ու ընկերութենէն արտաքսել:

Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի 122-րդ յօդուածը շատ յստակ է: Մարդոց ցեղին, լեզուին, գոյնին, կրօնին, քաղաքական մտածումին, կամ նմանօրինակ ազդակներու պատճառով անոնց միջեւ խտրականութիւն չես կրնար ընել, անոնց պաշտօնի մը առնուելուն արգելք չես կրնար հանդիսանալ, անոնց առեւտուրին արգելք չես կրնար հանդիսանալ: Այսպիսի խտրականութիւններ յանցագործութիւն կը նկատուին ու վեց ամիսէն մինչեւ մէկ տարի բանտարկութեան պատիժ կրնան ստանալ:

 

 

Leave a Reply

Advertisement