50 Տարի Առաջ ( 26 Հոկտեմբեր 1962 )
By adminx - Fri Oct 26, 5:31 am
- 0 Comments
- 68 views
- Tweet
Email
Print
Տոմսեր
Հայկական Անջրպետ
Կէս քաղքենի եւ կէս բանուոր «հայաստանասէր» Չալին կը խօսէր` իր դաշնակցական ծանօթին` Արչիին հետ:
- Արչի՛, ի՜նչ հրաշքի օրեր կ՛ապրինք: Վեր կը նայիս եւ արեւէն առաջ խորհրդային աստղանաւորդ կը տեսնես:
- Չա՛լի, Խորհրդային Հայաստան ապրող մէկ ազգականէս նամակ առի, ձեռք մը հագուստ կ՛ուզէ: Կ՛ըսէ, որ տեղական ապրանքները հագուելիք բաներ չեն:
- Խորհրդային մեծ գիտնական մը ըսեր է, թէ քանի մը տարիէն լուսին երթալը այնքան որոշ է, որ շատ մը խորհրդային քաղաքացիներ սկսած են հիմակուընէ կոլխոզներէն հրաժարիլ` «մենք լուսին պիտի երթանք» ըսելով…
- Երեւան ապրող հօրեղբօրս տղան գրած է, որ շուտով պիտի ամուսնանայ, որովհետեւ, Սիպերիա աքսորէն վերադառնալէն ետք իսկ, մարդիկ կը զգուշանան հետը խօսելէ: Կին մը առնեմ, որ գոնէ խօսելու մէկը ունենամ, կը գրէ…
- Հարկաւ Խրուշչովի վերջին յայտարարութիւնը իմացար: Խորհրդայինները ռումբ մը շիներ են, որ մէկ անգամէն 12 միլիոն մարդ կրնայ եղեր սպաննել…
- Հօրեղբօրս տղան կը գանգատի նաեւ` Հայաստանի մէջ ապրուստի սղութենէն: Միսի, իւղի, հաւկիթի գիները մինչեւ անջրպետ բարձրացեր են: Անասուններու կերի պազան չեն կրցած ապահովել այս տարի ալ, եւ կոլխոզներու մէջ, շատ մը հաւեր, խոզեր, կովեր «ինքնասպան» ըլլալով, գաղտնի կը ծախուին եղեր, սուղ գիներով…
- Խորհրդային հրթիռ մը շինուեր է, որ կրնայ մարդ մը մինչեւ արեւին մօտ տանիլ, եւ ձմեռը հոն անցընելէ ետք, ամառը վերադառնալ խորհրդային հայրենիքը… Ի՜նչ հրաշք…
- «Սովետական Հայաստան» թերթին մէջ կարդացի, որ Հայաստանի նոր շինուած տուներէն շատերուն մէջ ձմեռը կանոնաւոր տաքութիւն չկայ, եւ մարդիկ կը դողդղան…
- Խորհրդային Միութիւնը դարձեալ շիներ է հսկայ օդանաւ մը, որ լուսնին մէջ ասեղի մը վրայ կրնայ եղեր իջնել` առանց ասեղը ճզմելու:
- Ասեղ որ ըսիր, հօրեղբօրս տղուն կինը, որ Մոսկուա գացած էր, շնորհքով ասեղ մը չէ գտեր հոն, ու կը պաղատի, որ քանի մը հատ ամերիկեան ասեղ ղրկեմ իրեն…
- Արչի՛, կարծես բաւական խօսեցանք: Ըսածներս չմոռնաս: Կ՛ըսեն, որ լուսին գացող առաջին մարդը խորհրդային հայ մը պիտի ըլլայ: Ցտեսութի՛ւն:
- Չալի՛, եթէ Խորհրդային Հայաստան գացող ճամբորդ մը տեսնես, ինծի լուր տուր, որ հօրեղբօրս տղուն եւ կնոջը ուզածները ղրկեմ, փլի՜զ: Եւ ըսածներս բնա՛ւ չմոռնաս…
ԳԻՍԱՒՈՐ
Ս. Նշան Եկեղեցւոյ Բարեզարդումը
Լիւսի Տէր Մելքոնեան 9000 Ոսկի Կը Տրամադրէ
Խաչկալի Շինութեան Համար
Ս. Նշան մայր եկեղեցին, Պէյրութի ամէնէն աչքառու կեդրոններէն մէկուն մէջ, ազգային հպարտանքի պատուաբեր կոթողներէն մէկն է:
Դարեր առաջ շինուած, Երուսաղէմ գացող ուխտաւորներու կայան` փոքր եկեղեցի մըն էր:
1938-ին, հայկական ոճով, նորակերտ մեծ եկեղեցիով մը փոխարինուեցաւ:
Երկար ժամանակէ ի վեր կը կարօտէր բարեզարդման: Բազմաթիւ թերութիւններ կային, որոնցմէ ամէնէն գլխաւորը արարողութիւններու ներդաշնակութիւնը խանգարող արձագանգն էր:
Լիբանանահայոց առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեանի նախաձեռնութեամբ, այս տարի գործնական քայլեր առնուեցան:
Սրբազան հօր հրաւէրով եւ իր նախագահութեամբ գումարուած` քահանայ հայրերու, Թաղական խորհուրդի եւ եկեղեցասէր Տիկնանց միութեան վարչութեան միասնական ժողովը, տքնաջան աշխատանքի լծուեցաւ:
Ամէնէն առաջ եւ ամէնէն անհրաժեշտ, իբրեւ ծախք, ճարտարապետներու նախատեսած մօտ 40,000 լիբ. ոսկիի գումարը ապահովելու համար սրբազան հօր անունով նամակներ ուղարկուեցան իւրաքանչիւր ազգայինի` իր կարողութեան համապատասխան որոշուած սակով, մասնակցելու բարեզարդման ծախքին:
Ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս բարեպաշտ մեր ժողովուրդը անվարան ու սիրայօժար տուաւ իրմէ պահանջուած գումարը` գոյացնելով շուրջ 30,000 լ. ոսկի:
Անմիջապէս եւ առանց մտահոգութեան շինութեան ճարտարապետութիւնը յանձնուեցաւ Գէորգ Էմմիեանին, իսկ արձագանգին առաջքը առնելու եւ ներկերու ճարտարապետութիւնը` Սուրէն Գասպարեանին:
Գրեթէ նուաճուած եւ վերջանալու վրայ են աշխատանքները` գեղազարդ տեսք մը տալով Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ:
Այսքանով չի վերջանար սակայն եկեղեցւոյ բարեզարդումը:
13 ջահերու, նկարազարդումի, դպրաց-դասի միօրինակ ու վայելչագեղ շապիկներու եւ եկեղեցւոյ պայծառութեան սատարող այլ կարիքներու անհրաժեշտութիւնը նոր ծախքերու կը կարօտի:
Սրբազան հայրն ու Թաղական խորհուրդը ոչ մէկ ջանք պիտի խնայեն ժամանակի ընթացքին հոգալու նաեւ այդ ծախքերը, այն ինքնավստահութեամբ ու հաւատքով, որ եկեղեցւոյ ու աւանդութեանց ամուր կապուած մեր բարեպաշտ ժողովուրդը միշտ ալ սրտաբուխ առատաձեռնութեամբ մօտեցած է իր հաւատքի տաճարին:
Սրբազան հօր կարգադրութեամբ, Լիւսի Տէր Մելքոնեան, իր հանգուցեալ ամուսնոյն` Մելքոն Տէր Մելքոնեանի յիշատակին, յանձն առած է խաչկալի շինութեան ծախքը` տրամադրելով 9000 լ. ոսկի:
Կան ու պիտի ըլլան այլ նուիրատուութիւններ, որոնք անկասկած յիշատակութեան պիտի արժանանան, երբ աւարտին բարեզարդման աշխատանքները:
Եկեղեցասէր Տիկնանց միութիւնը շուրջ 500 անդամուհիներով գնահատանքի եւ յիշատակութեան արժանի սքանչելի գործունէութիւն մը ունեցաւ, մանաւանդ` այս վերջին տարիներուն: Այս անգամ եւս, իր կատարած սեւ աշխատանքէն զատ, յանձն առած է չորս ջահերու նուիրատուութիւնը:
Իր բարեզարդումէն ետք, Ս. Նշան մայր եկեղեցին, մեր սրբազան հայրերու հոգեշունչ աղօթքներով, մեր զմայլելի շարականներու եւ մեղեդիներու հիասքանչ երգեցողութեամբ, խնկաբոյր մթնոլորտի մէջ եւ այլեւս անարձագանգ կամարներու տակ, պիտի լեցնէ ջերմեռանդ հաւատացեալներու հոգիները, քրիստոնէական հաւատքի ներշնչումով:
ՀՐԱԶԴԱՆ
- 0 Comments
- 68 views
- Tweet
Email
Print



