Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
By adminx - Fri Oct 26, 5:30 am
- 0 Comments
- 170 views
- Tweet
Email
Print
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Եթէ ոեւէ մէկը գաղտնիք մը վստահի ձեզի, ուշադիր եղէք, որ ուրիշին չփոխանցէք: Ձեր լեզուն ամուր փակեցէք, փորձութեան մը չենթարկուիք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Պիտի հրաւիրուիք խնճոյքի մը, առանց տնտնալու` գացէք, ներկայ եղէք: Հոն կրնաք ունենալ նոր դէմքերու ծանօթանալու առիթ: Օրը յաջող է:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Պէտք է որ նոր որոշում մը տաք ձեր աշխատանքին վերաբերեալ: Դուք ունիք կարողութիւնը` յարմարելու սկսուած նոր գործին: Օրը արդիւնաւէտ է:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր նախազգացումները ճիշդ են, հետեւեցէք անոնց` առանց վարանելու: Ձեր շուրջիններն ալ նոյն թելադրանքը կ՛ընեն, ուրեմն գործի անցէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Քիչ մը չափաւորական տրամադրութիւն, քիչ մը իրար հասկնալու մեղմ կեցուածք` արդէն օրը կ՛ըլլայ յաջող, արդիւնաւէտ: Չափաւոր եղէք միշտ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Աշխատանքի ձեր վայրին կամ գրասենեակին մէջ կացութիւնը կրնայ լարուած ըլլալ: Դուք կեդրոնացէք ձեր աշխատանքին վրայ եւ ականջ մի՛ տաք ուրիշ հարցերու:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Օգնեցէք անձի մը, որ կը կարօտի օժանդակութեան, մասնաւորաբար` տնային կարիքները հոգալու: Այսպիսի գործեր միշտ չեն պատահիր, բայց այսօր եղէք բարեացակամ եւ յօժարակամ աջակից:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Վեհանձն էք, յաճախ` հիւրասէր: Այսօր պիտի ուզէք առանց բարդոյթի օգտակար ըլլալ անձի մը, որ թէեւ ձեզի հարազատ մէկը չէ, բայց պիտի արտայայտէք ձեր զգացումները` օգտակար ըլլալու:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր տրամադրութիւնը լաւ չէ, խանգարուած է պատճառով մը, բայց ձեզի մօտիկ անձեր ձեզ դուրս պիտի բերեն այս մտահոգութենէն:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Եթէ ծնող էք, ձեր զաւակներուն ցոյց տուէք օրինակելի վերաբերում: Անկարելին մի՛ պահանջէք, միշտ ի մտի ունեցէք ձեր մանկութիւնը:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Յարմարեցէք ձեր շրջապատի նիստուկացին, սովորութեան, ինչ որ այնքան ալ դժուար չէ, զոր կ՛ենթադրէիք: Օրը դիւրատար է:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Աշխատանքի պահուն նկատի պիտի առնէք դուք ձեզ` ինքնաքննարկումի ճամբով: Եթէ ուրիշէն բան մը պիտի խնդրէք, նախ մտածեցէք, թէ այդ անձը կարելիութիւն ունի՞ ձեր ուզածը կատարելու:
- 0 Comments
- 170 views
- Tweet
Email
Print



