Յայտարարութիւններ ( 25 Հոկտեմբեր 2012 )
By adminx - Thu Oct 25, 6:30 am
- 0 Comments
- 303 views
- Tweet
Email
Print
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑԻ
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Այսու կը յայտնենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որ Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնակատարութիւնը, որ տեղի պիտի ունենար կիրակի, 28 հոկտեմբեր 2012-ին, յետաձգուած է կիրակի, 4 նոյեմբեր 2012-ին:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
————————————————————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէն կը գուժէ դաշնակցական հաւատաւոր ընկեր
ՎԱՐԴԱՆ ԽԱՉԱՆԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 24 հոկտեմբեր 2012-ին:
————————————————————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղի վարչութիւնը կը գուժէ իր շրջանի ընկերներէն
ՎԱՐԴԱՆ ԽԱՉԱՆԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 24 հոկտեմբեր 2012-ին:
————————————————————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը կը գուժէ իր բարերարներէն`
ՎԱՐԴԱՆ ԽԱՉԱՆԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1938-ին)
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 24 հոկտեմբեր 2012-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` հինգշաբթի, 25 հոկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղման արարողութենէն ետք, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, 4-րդ յարկ, այսօր կէսօրուան ժամը 12:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 4:00:
————————————————————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Տիար Սելիմ Իլիաս Հապիպ եւ զաւակը` Անթուան
Տէր եւ տիկին Միշել Հապիպ եւ զաւակունք
Տիկին Մաքրուհի Անթոսեան
Տէր եւ տիկին Ստեփան Անթոսեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Արթին Անթոսեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յարութ եւ Մանուշակ Շահպազեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ժան եւ Շուշիկ Ժեմայէլ
Տէր եւ տիկին դոկտ. Էտի եւ Լորա Թորիկեան
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց կնոջ, մօր, մեծ մօր, դստեր, քրոջ, հօրաքրոջ, մօրաքրոջ եւ հարազատին`
ԱՆԻ ՀԱՊԻՊԻ
(Ծնեալ` ԱՆԹՈՍԵԱՆ)
անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 22 հոկտեմբեր 2012-ին, Քանատայի մէջ, սրտի կաթուածի հետեւանքով:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարւի կիրակի, 28 հոկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին, Էշրեֆիէի Յոյն ուղղափառներու Սէյիտեթ Տուխուլ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի եւ ամփոփուի Մար Մթըրի ընտանեկան դամբարանին մէջ:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղումէն առաջ ժամը 9:30-էն սկսեալ մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Սէյիտեթ Տուխուլ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, իսկ երկուշաբթի, 29 եւ երեքշաբթի, 30 հոկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել եկեղեցւոյ:
————————————————————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի Գրումեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Սերժ Գրումեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Արտաշէս եւ Լենա Մարտիրոսեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Արամ եւ Սիւզի Պոսնոյեան եւ զաւակունք
Տիկին Ժոզեֆին Ժոզեֆ Ապաճեան եւ ընտանիք
Անժել Պզտիկեանի ընտանիք
Տէր եւ տիկին Ժան եւ Ժոզեֆին Պիլեզիքճեան եւ ընտանիք
Տիկին Մարիժան Յակոբ Ապուտուրեան եւ ընտանիք
Գրումեան եւ Ապաճեան ընտանիքներ
Գոչալք եւ Մարտիրեան ընտանիքներ
Պոսնոյեան եւ Մուժալլի ընտանիքներ
Պզտիկեան եւ Պիլեզիքճեան ընտանիքներ
Ապուտուրեան եւ Պուչաքճեան ընտանիքներ
Սարգիսեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, քրոջ, հօրաքրոջ, մօրաքրոջ եւ հարազատին`
ԼՈՒԻԶ ԳՐՈՒՄԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Ապաճեան)
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 23 հոկտեմբեր 2012-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարւի այսօր` հինգշաբթի, 25 հոկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ «Կարպիս եւ Արեգ Նազարեան» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, ինչպէս նաեւ ուրբաթ, 26 հոկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, իսկ շաբաթ, 27 հոկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 5:00, նոյն վայրին մէջ:
————————————————————————————–
ԱԶԴԱՐԱՐԱԳԻՐ-ԿՈՉՆԱԳԻՐ
Ազնուափայլ
Տիկին Մարիանա Սահակեան
Հայաստան
Լիբանանի հայոց թեմի Դատաստանական խորհուրդս, 13 հոկտեմբեր 2012 թուականին կայացուցած իր նիստին, որուն դարձեալ ներկայ չգտնուեցաք, զբաղեցաւ ձեր ընտանեկան հարցով:
Սոյն ազդարարագիրով ձեզ կը հրաւիրենք Դատաստանական խորհուրդի նիստին, որ տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 1 դեկտեմբեր 2012-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային առաջնորդարանին մէջ` պաշտպանելու համար ձեր դատը:
Չներկայանալու պարագային, ձեր բացակայութիւնը ներկայութեան համազօր պիտի նկատուի եւ արձակուի համապատասխան վճիռ:
ԴԱՏԱՍՏԱՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
————————————————————————————–
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՄՏԵՐՄԻԿ ԵՐԵԿՈՅ
ՌՈՒԲԷՆ ՀԱԽՎԵՐՏԵԱՆԻՆ
ԵՒ ԻՐ ԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
Տեղի կ՛ունենայ հինգշաբթի, 25 հոկտեմբեր 2012-ին, երեկոյեան ժամը 9:00-էն սկսեալ, Զալքայի «White Tower» պանդոկի «Արարատ» քլապ»ի մէջ մէջ:
- Բաց խմիչք:
- Սահմանափակ թիւով տոմսեր, սակ` 50,000 լիբ. ոսկի
Տոմսերը ապահովելու համար հեռաձայնել 70-646092 թիւին:
————————————————————————————–
ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ
ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԺԱՄԸ
Ձեզ կը հրաւիրէ
ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ
Նիւթ`
«ԴՊՐՈՑԻՆ ԴԵՐԸ` ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐ ՔԱՂԱՔԱՑԻ ՊԱՏՐԱՍՏԵԼՈՒ
ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ»
(Անգլերէնով)
Դասախօս`
ԴՈԿՏ. ՅԱԿՈԲ Ա. ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
(Կրթութեան ամպիոն-Հայկազեան Համալսարան)
Տեղի կ՛ունենայ հինգշաբթի, 25 հոկտեմբեր 2012-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ, Քանթարի, Պէյրութ:
————————————————————————————–
Հովանաւորութեամբ` Լիբանանի մէջ Հայաստանի Դեսպանութեան
ԱՍՄՈՒՆՔԻ ԵՐԵԿՈՅ
«ՔՍԱՆԵՐՈՐԴ ԴԱՐ…»
Կատարողութեամբ`
Վաստակաւոր Ասմունքող
ՅԱԿՈԲ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆԻ
Հինգշաբթի, 25 հոկտեմբեր 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Էշրեֆիէի Հայ կաթողիկէ «Արարատեան» սրահին մէջ:
————————————————————————————–
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԱՅՆՃԱՐ
ՎԻԳԷՆ ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 28 հոկտեմբեր 2012-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՎԻԳԷՆ ԱՂԱՍԱՐԳԻՍԵԱՆի մահուան 4-րդ տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 28 հոկտեմբեր 2012-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊՈՒՉԻՔԵԱՆի (Օթօ Արթին) մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 28 հոկտեմբեր 2012-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
Խմբագիր եւ լրագրող ՄԱՆՈՒԷԼ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 28 հոկտեմբեր 2012-ին, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
————————————————————————————-
Կազմակերպութեամբ` Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի
«Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնին
25 ՆՈՅԵՄԲԵՐԻՆ
ԳԻՒՄՐԻԻ «ՏԻՐԱՄԱՅՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ»
ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ` ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ
————————————————————————————-
ԿԵՍԱՐԻՈՅ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ
ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ՍԱՆԵՐՈՒ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Այս տարեշրջանի արձանագրութիւնները, նախկին եւ նոր սաներու համար, պիտի կատարուին երեք շաբաթ օրերու վրայ 13, 20 եւ 27 հոկտեմբերին, ժամը 2:00-էն 6:00, կէսօրէ ետքերը, միութեանս տան մէջ` Զալքա, «Հարուն» հիւանդանոցին դիմաց, հեռ. 01/875765:
Կարեւոր: Այս թուականներէն ետք դիմումները նկատի պիտի չառնուին:
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
————————————————————————————-
ԱՇՃԵԱՆ ԹՈՒՐԶ
Անմիջական ծախու են Երեւանէն 16 քմ հեռու գտնուող մայրուղիի վրայ, մէկը` աջ կողմը, միւսը` ձախ կողմը, երկու կտոր հողաշերտ` 7500 եւ 7400 քառ. մեթր` կալուածաթուղթով (թափուով):
Հետաքրքրուողներ կրնան տեսնել հողակտորները Դիմատետրի («Ֆէյս սպուք») վրայ, Accout: Tours Ashjian, անմիջականօրէն ձեր անունին արձանագրելով:
Տարբեր շրջաններու մէջ եւս ունինք հողակտորներ եւ պատրաստ տիւփլքես» նոր տուներ 1-2-3 սենեակնոց` 90,000 տոլարէն սկսեալ:
Կ՛ապահովենք պանդոկներ շատ յարմար գիներով:
Հեռ. 01/261177, 01/240654 եւ 03/233978
Email: Ashjiantours@hotmail.com
————————————————————————————–
ԱՇՃԵԱՆ ԹՈՒՐԶ
ԱՆՀԱՒԱՏԱԼԻ ԲԱՅՑ ԻՐԱՒ
1-11 ՆՈՅԵՄԲԵՐԻրենց տեսակին մէջ առաջին անգամ ըլլալով բացառիկ շրջապտոյտ եւ ուխտագնացութիւններ` Հայաստան, Ծաղկաձոր, Ախալքալաք, Ախալցխա, Կարս, Մուշ, Սասուն, Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերաբացման 2-րդ տարեդարձին առիթով ներկայ գտնուիլ Ս. պատարագին, Ս. Մարիամ եկեղեցւոյ աւերակներ, Վան քաղաք, Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցի, Վարագայ վանք, Պայազիտ քաղաք, Կարսի բերդ, Ս. Առաքելոց եկեղեցի, Երեւանի մէջ լման պտոյտներով, Ա. կարգի պանդոկներ, նախաճաշ եւ ընթրիք, Պէյրութ-Երեւան-Պէյրութ օդանաւով, Արեւմտեան Հայաստան մինի պասով, գին փոխան 1450 տոլարի միայն 1050 տոլար:
Արձանագրութեան համար դիմել
հեռ. 01-261177, 03-233978:
————————————————————————————–
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Printkom ընկերութիւնը կարիքը ունի Պիզնըս Ատմինիսթրէյշըն ճիւղը աւարտած օրիորդի մը: Հետաքրքրուողները կրնան իրենց «Սի. Վի.»-ն ղրկել ե-նամակի հետեւեալ հասցէին. Kanekour@dm.net.lb
————————————————————————————–
ԾԱԽՈՒ ՀՈՂԱՇԵՐՏ
Այնճարի մէջ, 825 քառ. մեթր: Դիմել` հեռ. 03-275740:
————————————————————————————–
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Պուրճ Համուտ, Հարպոյեան Սանթըր, Պլոք C, 160 քառ. մեթր, 6-րդ յարկ: Հեռ. 03-620032 կամ 76-174726:
————————————————————————————–
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Կանացի հագուստի գործատեղի մը կարիքը ունի փորձառու վարպետ վերակացուի կամ վերակացուհիի: Դիմել` հեռ. 01-260975:
————————————————————————————–
ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
Տիկին Արփինէ Պապիկեան եւ զաւակունք 50 ամ. տոլար` ՔԱՀԼ-ի տեղեկատւին:
————————————————————————————–
365 ՕՐԵՐԷՆ ՕՐ ՄԸ`
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ԾԵՐԱՆՈՑԻՆ
Տիկին Արփինէ Պապիկեան եւ զաւակունք ուխտի մը առիթով կը ստանձնեն օրուան մը ճաշի ծախսը` 300 ամ. տոլարով: (1 նոյեմբեր, 2012)
————————————————————————————–
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ-ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
ԳԱՌՆԻԿ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
ԵՒ
ԱՐԱՐԱՏ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ
21 ՆՈՅԵՄԲԵՐ, 2012
————————————————————————————–
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահ
14 Նոյեմբեր 2012
21 Նոյեմբեր 2012
18 Դեկտեմբեր 2012
—————————————————————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան ճեմարանի շրջանաւարտներու միութիւն
ՃԵՄԱՐԱՆԱԿԱՆԻ ՕՐ
20 հոկտեմբեր, 2012
—————————————————————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ- ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
3 նոյեմբեր, 2012
—————————————————————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն
30 նոյեմբեր 2012
———————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
24 ՆՈՅԵՄԲԵՐ, 2012
———————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»-Ի ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ-ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
22 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ, 2012
- 0 Comments
- 303 views
- Tweet
Email
Print



