Մարտ 14-ի Կազմակերպութեամբ` Երիտասարդական Ցոյց-Քայլարշաւ
By adminx - Thu Oct 25, 7:32 am
- 0 Comments
- 28 views
- Tweet
Email
Print
Կազմակերպութեամբ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն երիտասարդական եւ ուսանողական թեւերուն, երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին Էշրեֆիէի Սեսին հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ ցոյց մը, որուն ընթացքին
նշուեցաւ, որ հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի սպանութիւնը պետութեան պատասխանատուութիւնն է, եւ սուր կերպով քննադատուեցաւ պայթումէն տուժածներուն համար օժանդակութեան յարմար ծրագիրի մը չգոյութիւնը:
Ցուցարարները յայտնեցին, որ իրենք ժողովրդավարութեան կառչած պիտի մնան Լիբանանի կառավարութիւնը տապալելու իրենց քայլերուն մէջ եւ զօրակցութիւն յայտնեցին Էշրեֆիէի բոլոր բնակիչներուն:
Անոնք պահանջեցին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հրաժարականը` շեշտելով, որ իրենք յանձնառու պիտի մնան Պէյրութի երեսփոխաններու պլոքին տուած որոշումներուն եւ կեցուածքներուն:
Ցուցարարները զօրակցութիւն յայտնեցին Էշրեֆիէին եւ ընդգծեցին, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն, որպէսզի երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող զէնքը օրինականութեան շրջագիծին մէջ սահմանեն:
Նստացոյցէն ետք ցուցարարները ուղղուեցան դէպի Ռիատ Սոլհի հրապարակ:
- 0 Comments
- 28 views
- Tweet
Email
Print



