Friday May 17, 2013

Կառավարութեան Ուղղելով Իր Խօսքը` «Այո՛, Կտրեցէ՛ք Այն Ճիւղը, Որուն Վրայ Նստած Էք» Շեշտեց Արմէն Ռուստամեան

By adminx - Thu Oct 25, 7:46 am

Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան նախանցեալ օր Ազգային ժողովին մէջ յայտարարութիւններու ժամանակ յայտնեց, որ Դաշնակցութիւնը կ՛առաջարկէր անցնիլ 100 տոկոսնոց համամասնական ընտրակարգի, եւ եթէ նախորդ ընտրութիւններէն առաջ առարկուած էր, որ ընտրութիւններէն քանի մը ամիս առաջ պատրաստ չենք, ապա հիմա` ընտրութիւններէն ետք, յստակ դարձաւ, որ առաջարկին ընդունումը երբեք ալ «սխալ ընթացակարգ»-ի եւ «անպատեհ պահու» հետ չէր կապուած:

Ռուստամեան ընդգծեց, որ ընտրութիւններէն ետք ալ, երբ կը մերժեն Դաշնակցութեան առաջարկը, կը փաստեն, որ առանց այդ 41 տեղերուն անկարելի կը դառնայ իշխանութեան վերարտադրութիւնը: Կառավարութեան բերած փաստարկները, հիմնաւորումները, ըստ պատգամաւորին, որեւէ կապ չունին Հայաստանի իրականութեան հետ: «Եթէ կառավարութիւնը ըսէր, որ կ՛ուզէ՞ք կտրենք այդ ճիւղը, որուն վրայ նստած ենք, մենք ալ անկեղծօրէն այո կ՛ըսէինք», եզրափակեց Ռուստամեան:

 

Leave a Reply

Advertisement