Ակնարկ. Արտալիբանանեան Կեդրոններն Ու Բաց Հրապարակը
By adminx - Thu Oct 25, 7:54 am
- 0 Comments
- 103 views
- Tweet
Email
Print
Էշրեֆիէի պայթումին յառաջացուցած ապահովական, քաղաքական եւ հասարակական արձագանգները յայտնաբար պիտի շարունակուին որոշ ժամանակի համար: Ծայր առած են քաղաքական նոր վարկածներ, կանխատեսումներ, մեկնաբանութիւններ եւ վերլուծութիւններ` դէպքերու հետագայ զարգացման բեմագրութիւններու եւ ընդհանրապէս երկրի ապագային մասին պատկերացումներու փորձեր կատարելու ուղղութեամբ:
Լրատուական այս թոհուբոհին մէջ հայկական շրջանակներէ անվերջ Պէյրութ հասնող հարցադրումները կը կեդրոնանան սուրիական մոտելի լիբանանականացումին հաւանականութեան վրայ: Եւ այդ պարագային մտավախութիւնը կը շարունակուի ահագնանալ` հասնելու համար հոն, թէ լիբանանահայութիւնը նոր արտահոսքի եզրագիծին առջեւ կանգնած է, ինչ որ առհասարակ միջինարեւելեան հայագաղութներուն ճակատագրի ճշդորոշման տեսակէտէն վճռական փուլ կ՛ենթադրէ:
Նախ պէտք է յիշել, որ վերջին ցնցող պայթումին անմիջապէս յաջորդած ապահովական բռնկումներուն առիթով գերտէրութիւնները իրենց արտաքին գերատեսչութիւններու ղեկավարներու մակարդակով յստակ դարձուցին, որ ներլիբանանեան կայունութիւնը պէտք չէ խնդրոյ առարկայ դարձնել: Այս չ՛ենթադրեր անշուշտ, որ գերտէրութիւններու կիրարկելի քաղաքականութիւնը համահունչ է եւ հարազատ` կատարուած յայտարարութիւններուն: Այնուամենայնիւ կը նախանշէ, որ այս հանգրուանին աշխարհաքաղաքական ուժերու օրակարգային կիզակէտը հարեւան Սուրիան է եւ նոյնածաւալ գործողութիւններ պիտի չտեղափոխուին Լիբանան: Այլապէս, հիւսիսային Լիբանանի մէջ արձանագրուած սահմանափակ բռնկումները շատ արագ պիտի տարածուէին ամբողջ երկրին մէջ:
Պայթունավտանգ կարգավիճակը միշտ ալ ուղեկցած է լիբանանեան կացութեան, երբ մանաւանդ բազմակողմանիօրէն համոզիչ դարձած է, որ մայրիներու երկիրը օտար ուժերու համար քաղաքական բաց տարրալուծարան է` փորձարկումներ կատարելու, առեւտուր ընելու, հաշիւներ մաքրելու, թափանցելու եւ… ապահովական կացութիւններ ստեղծելու:
Համալիբանանեան ընդհանուր գիտակցութեան բացակայութիւնը` շիկացումներէ հեռու մնալու, կոճակի սեղմումներով չղեկավարուելու, լարուածութիւնը չէզոքացնելու, հարցերը պետական համապատասխան ատեաններու մէջ երկխօսութեան միջոցով քննարկելու, աւելի կը դիւրացնեն արտաքին կեդրոններու հեռակառավարման այս համակարգի արդիւնաւէտ աշխատիլը:
Լիբանանահայ գործօնի աւանդական ընտրանքը` բեւեռացումներու մաս չկազմելու եւ համալիբանանեան շահերը գերադասելու, միջհամայնքային համակեցութեան համար համայնքներու իրողական ներկայացուածութիւնը յարգելու եւ համագործակցելու, այսօր եւս ինքզինք գերակայ ուղղութիւն իբրեւ զգալի կը դարձնէ շատ սուր կերպով: Մանաւանդ որ եթէ ոչ անմիջական հանգրուանին, այսուհանդերձ բաժանարար աշխարհաքաղաքական ալիքները միջերկրականեան այս ծովափը եւս հարուածելու նշաններ ցոյց կու տան` իսլամական երկու մեծ համայնքները իրար հակադրելու ճամբով չբացայայտուած ծրագիրներ իրականացնելու համար:
Արաբական գարնանային հովերու յառաջացուցած ալիքներու հետ առնչութիւն ունենան անոնք թէ ոչ, վտանգի անընդհատ սպառնալիքի շեշտումը այս օրերուն կը կապուի ռմբահարումներով քաղաքական թիրախներ հարուածելու եւ անոնց իբրեւ հետեւանք նոր իրավիճակներ հրամցնելու վերջին արարքին, որ շատ արագ լիբանանեան սահմաններէն դուրս եկաւ, ստացաւ շրջանային-միջազգային տարողութիւն եւ արժանացաւ աշխարհաքաղաքական կարեւորագոյն կեդրոններու անմիջական արձագանգումներուն:
Պարզ է, որ լիբանանեան բռնկումները կը մնան սահմանափակ եւ չեն կլաներ երկիրը: Յայտնապէս զսպիչ գործօններ դեր ունին այստեղ: Ըստ երեւոյթին, համալիբանանեան բռնկումի ազդանշանը չէ տրուած: Լիբանանեան երկարատեւ տագնապի փորձառութիւնը կը յուշէ, որ ինչպէս զսպիչ, այնպէս ալ հրահրիչ գործօններն ու հանգամանքները արտալիբանանեան կեդրոններէ կախեալ են:
Դամոկլեան այս սուրը պիտի շարունակէ ճօճուիլ լիբանանեան երկնակամարին վրայ, այնքան ատեն որ հեռակառավարումը մերժելու համալիբանանեան կամքը չի կայանար եւ այդպիսով տեղի կու տայ արտալիբանանեան կեդրոններու անարգել եւ ազատ գործունէութեան` Պէյրութի քաղաքական բաց հրապարակին վրայ:
«Ա.»
- 0 Comments
- 103 views
- Tweet
Email
Print



