«Օգնի՛ր Եղբօրդ» Նախաձեռնութեան Երկրորդ Օդանաւը Հասաւ Սուրիա
By adminx - Thu Oct 25, 7:50 am
- 0 Comments
- 186 views
- Tweet
Email
Print
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր, «Օգնի՛ր եղբօրդ» նախաձեռնող խումբի անդամ Վահան Յովհաննիսեան յայտնեց, որ նախանցեալ օր երեկոյեան «Օգնի՛ր եղբօրդ» նախաձեռնութեան երկրորդ օդանաւը հասաւ Սուրիա: Այս անգամ թռիչքը իրականացաւ «Սիրիըն Էրլայնզ ընկերութեան» օգնութեամբ:
Վահան Յովհաննիսեան նաեւ տեղեկացուց, որ մարդասիրական օգնութեան երկրորդ խմբաքանակը, բաղդատմամբ առաջինին, համեմատաբար քիչ եղած է: Այս անգամ բեռը կշռած է 1 թոն 800 քիլոկրամ, մեծ խմբաքանակ կազմեցին բաւական թանկարժէք դեղերը, զորս տրամադրած էր «Արփիմետ» ընկերութիւնը:
Ըստ պատգամաւորին, նախորդ բեռը բաշխուեցաւ ճիշդ այնպէս, ինչպէս կը նախատեսուէր` արդարացիօրէն: Նոր խմբաքանակը տակաւին կը տեղաբաշխուի, ինչ որ շատ դժուար է, քանի որ բաւական լարուած է իրավիճակը:
«Տեղեկացնենք, որ փոքր երեխաներուն համար կաթի անհրաժեշտութիւն կայ եւ այս անգամ մեծ քանակութեամբ կաթի փոշի ուղարկուած է», տեղեկացուց Յովհաննիսեան: Ան աւելցուց, որ օգնութիւնը կը բաժնուի սուրիահայերուն, ինչպէս նաեւ սուրիացիներուն: «Որքանով բարոյական է օգնութիւն տալ սուրիահայուն եւ չտալ անոր սուրիացի դրացիին: Այսպիսի բան Հալէպի մեր հայ եկեղեցին ինքն իրեն թոյլ պիտի չտայ, մեր եկեղեցին արդար է եւ այդ օգնութենէն կ՛օգտուին թէ՛ սուրիացիները, թէ՛ հայերը»:
Պատգամաւորը նշեց, որ երկրորդ օդանաւը Թուրքիոյ տարածքով չէ անցած:
- 0 Comments
- 186 views
- Tweet
Email
Print



