Friday May 24, 2013

«Ասիկա Չի Նշանակեր, Որ Հայ Դատի Յանձնախումբը Պոյքոթի Պիտի Ենթարկէ Ընտրութիւնները» Յայտարարեց Կիրօ Մանոյեան

By adminx - Thu Oct 25, 7:44 am

Կիրօ Մանոյեան

Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի յանձնախումբը յայտարարեց, որ պիտի չսատարէ Միացեալ Նահանգներու նախագահի երկու թեկնածուներէն ոեւէ մէկուն, քանի որ մինչեւ այսօր երկուքն ալ ո՛չ յանձնախումբի, ո՛չ Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքի գրաւոր հարցումներուն արձագանգած են:

Անդրադառնալով այս խնդիրին` ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան report.am-ի հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ հետագային կատարուելիք քայլերը Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի յանձնախումբը պիտի որոշէ, բայց այդ օրը միաժամանակ քոնկրեսական ընտրութիւններ պիտի ըլլան եւ կան քոնկրեսական թեկնածուներ, որոնց Հայ դատի յանձնախումբը պիտի սատարէ, եւ ատիկա յանձնախումբին ընդհանուր քաղաքական աշխատանքներուն մաս պիտի կազմէ: Ըստ Կիրօ Մանոյեանի, եթէ յանձնախումբը յայտարարած է, որ պիտի չսատարէ թեկնածուներէն մէկուն, ատիկա չի նշանակեր, որ իրենք պիտի պոյքոթեն ընտրութիւնները կամ պիտի չաշխատին հետագային ընտրուած նախագահին հետ: Յանձնախումբին կողմէ ասիկա պէտք էր նշանակեր ոչ միայն յայտարարութիւն, այլեւ աշխուժ աշխատանք, ինչ որ տակաւին չի կատարուիր:

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատուն յայտնեց, որ այսպիսի դէպք տեղի ունեցած է 25 տարի առաջ:

Կիրօ Մանոյեան այս նախագահական ընտրութիւններուն թեկնածուներուն անտարբերութիւնը հայ համայնքին հանդէպ բացատրեց հիմնականին մէջ երկու հանգամանքով` մէկ կողմէ անոնք հաշուարկած են, թէ ո՛ր նահանգներուն մէջ ինչ քուէ ունին, այս պարագային անոնք նախընտրեցին լսել Թուրքիոյ տեսակէտները, ինչ որ իր կարգին պայմանաւորուած է Սուրիոյ եւ Իրանի հարցին մէջ Թուրքիոյ լուրջ դերակատարումով:

 

Leave a Reply

Advertisement