Friday May 24, 2013

«Մենք Անհանգստացած Ենք Լեռնային Ղարաբաղի Հարցին Մէջ Յառաջընթացի Բացակայութեամբ Եւ Շփման Գիծին Վրայ Տիրող Իրավիճակով» Կ՛ըսէ ԵԱՀԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը

By adminx - Thu Oct 25, 7:42 am

Լամպերթօ Զանիեր

ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Լամպերթօ Զանիեր Ռուսիոյ մէջ «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ բոլորը անհանգստացած են Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի լուծման հարցին մէջ յառաջընթացի բացակայութեամբ եւ տիրող իրավիճակով շփման գիծին վրայ, ուր միայն այս տարի 28 զոհ արձանագրուած է:

«Ես անձամբ կը կիսեմ այս անհանգստութիւնը: Մենք կը շարունակենք աջակցիլ Մինսքի խմբակի եւ անոր համանախագահներուն` Ռուսիոյ, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու ջանքերուն: Սակայն ոչ մէկ միջազգային ջանք կրնայ արդիւնաւէտ ըլլալ, եթէ բանակցութիւններու ճամբով խաղաղ լուծման հասնելու հարցին մէջ կողմերը քաղաքական կամք չունին», ըսած է ան:

ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը նշած է, որ այս մասին ան նաեւ ըսած է վերջերս Նիւ Եորքի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հետ հանդիպումին ընթացքին:

«Բանակցութիւններու բուն էութեան վերադառնալն ու դէպի ապագայ ուղղուածութիւնը` այս է իրավիճակի սրում թոյլ չտալու եւ շրջանին մէջ երկար սպասուած անվտանգութիւնը ապահովելու միակ ճամբան», ըսած է ան:

 

Leave a Reply

Advertisement