Յ. Բագրատունի. «Լիբանան Իր Վատագոյն Օրերը Կ՛ապրի Եւ Միայն Ազգային Կամքով Պիտի Փրկուի»
By adminx - Thu Oct 25, 7:40 am
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Էն. Պի. Էն.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի սպանութեան նպատակն է Լիբանանի մէջ սադրանքներ հրահրել, կառավարութիւնը տապալել, ապակայուն մթնոլորտ ստեղծել, վախ պատճառել եւ ստեղծել այնպիսի կացութիւն մը, որուն ընթացքին ներքին եւ արտաքին տագնապներ արձանագրուին` հասնելով մինչեւ Սուրիա:
Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Ուիսամ Հասան Լիբանանի նահատակն է. ան ապահովական մարմինի պատասխանատու էր եւ պաշտպանած է Լիբանանը, լիբանանցիները, լիբանանեան քաղաքական անձնաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանը պաշտպանած է Իսրայէլի հաշուոյն գործող լրտեսներէն:
«Անշուշտ Լիբանանի համար Հասանի սպանութիւնը մեծ կորուստ է, եւ կան նաեւ մտահոգութիւններ, թէ Լիբանան կորսնցուցած է նաեւ իր ապահովութիւնը», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի մաղթեց, որ Ուիսամ Հասանի պաշտօնը ստանձնած Իմատ Օսման կարենայ յաջողիլ երկրին ապահովական կայունութիւնը վերահաստատելու եւ աւելի եւս ամրապնդելու առումով:
Յ. Բագրատունի բարձր գնահատեց ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆիի այն կեցուածքները, թէ հաստատութիւններն են, որոնք կը պատրաստեն ղեկավարները եւ պատասխանատուները, որոնք կու գան ու կ՛երթան:
Երեսփոխան Բագրատունի խստիւ դատապարտեց նահատակը սեփականացնելու փորձերը` հաստատելով, որ ինք կը մաղթէր, որ Ուիսամ Հասանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը ըլլար ազգային բնոյթի եւ այն տպաւորութիւնը չստեղծուէր, թէ Ուիսամ Հասան Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար է:
Յ. Բագրատունի նշեց նաեւ, որ Ուիսամ Հասանի յուղարկաւորութեան արարողութեան ընթացքին արտասանուած խօսքերը իրենց կարգին անյարմար էին` աւելցնելով, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի յուղարկաւորութեան ընթացքին եւս հիմնական պահանջը այն էր, որ Հարիրին թիրախ դարձուցած պայթումին դրդապատճառները բացայայտուին եւ ճշմարտութիւնը քողազերծուի: «Ոչ ոք պահանջեց Ուիսամ Հասանի սպանութեան ճշմարտութեան բացայայտումը, առաջին պահանջը կառավարութեան հրաժարումն էր: Ուիսամ Հասանի սպանութիւնը Լիբանանը եւ թերեւս նաեւ շրջանը ցնցած է», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ նման պայթումի մը պարագային առաջին ժամերուն հակազդեցութիւնները իրենց գագաթնակէտին մէջ կ՛ըլլան, սակայն դժբախտաբար Ուիսամ Հասանի սպանութիւնը առաւելագոյն չափով շահագործուեցաւ, իսկ օժանդակութեան, աշխատանքները վերածուեցան մրցումի դաշտի:
Վարչապետարան ներխուժելու փորձին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Ուիսամ Հասանի յուղարկաւորութենէն անմիջապէս ետք նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի կողմէ կատարուած այդ յայտարարութիւնները շշմեցուցիչ էին: «Ան այն անձնաւորութիւնը չէր, որ նախապէս կ՛օժանդակէր Լիբանանի մէջ չափաւորականութիւնը պահպանելու: Պետական անձնաւորութիւնը ան է, որ կրնայ դժուար կացութիւններու ընթացքին կեցուածք որդեգրել», ըսաւ ան:
Երեսփոխան Բագրատունի աւելցուց նաեւ, որ Սինիորայի յայտարարութիւններէն ետք լրագրող Նետիմ Քըթէյշի յայտարարութիւնը ուղղակի հրահրում էր` աւելցնելով, որ եթէ ան իսկապէս ընդվզած էր, դէպի վարչապետարան առաջին ուղղուողը կ՛ըլլար, իսկ այն երեսփոխանները, որոնք համաձայն էին այդ աքթին, պէտք էր վարչապետարան ուղղուող երիտասարդները առաջնորդողները ըլլային եւ ոչ թէ երիտասարդները առանձին ղրկէին:
«Բայց ի վերջոյ այդ ներխուժման փորձը կասեցուեցաւ: Սակայն դժբախտաբար, վարչապետարանին դէմ յարձակումին կասեցումը կատարուեցաւ, որովհետեւ անիկա սիւննի համայնքին կը պատկանի, ինչպէս որ օրին, երբ զօր. Լահուտ հանրապետութեան նախագահ էր, նախագահական պալատին դէմ ներխուժումին վերջ դրուեցաւ, որովհետեւ անիկա մարոնի համայնքին ղեկավարութիւնն է: Այս մտայնութիւնը սխալ է. նախագահական պալատին, խորհրդարանի նախագահութեան նստավայրին թէ կառավարութեան դէմ յարձակումները պէտք է կասեցուին, որովհետեւ անոնք պետական հաստատութիւններ են եւ անոնք կը պատկանին բոլորին, այսինքն` բոլոր համայնքներուն», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի ցաւ յայտնեց, որ լիբանանցին իր անցեալէն եւ փորձառութենէն դասեր չէ քաղած: «Ես պատերազմի սերունդ կը նկատուիմ, մենք գիտենք, թէ Էշրեֆիէի տեսարանը օրական կը վկայէինք: Հետեւաբար, եթէ մենք Ազգային երկխօսութեան նիստին չմասնակցինք, ապա կը գտնուինք 1975 ապրիլի սեմին: Իսկ երկխօսութիւնը դժուար օրերուն համար է եւ դիւրին օրերուն անոր կարիքը չկայ: Այսօր Լիբանան իր վատագոյն օրերը կ՛ապրի, եւ մենք կ՛ուղղուինք դէպի պատերազմ», ըսաւ ան:
Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ լիբանանցիները միայն իրենք իրենց ուժերուն վստահելով կրնան լուծել իրենց հարցերը, իսկ եթէ ազգային կամք ըլլայ, ապա այդ լուծումը կարելի կ՛ըլլայ:
Անդրադառնալով երեսփոխանական ընտրութիւններուն` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ եթէ 2013-ին երեսփոխանական ընտրութիւններ պիտի ըլլան, ապա անոնք Տոհայի համաձայնութեամբ մշակուած ընտրական օրէնքին հիման վրայ պիտի չըլլան:
Ան ըսաւ, որ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը ՀՅ Դաշնակցութեան կը յարմարի:
Շրջանին մէջ կիրարկուած քաղաքականութեան մասին Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ արեւմտեան երկիրներուն կողմէ շրջանին մէջ խաղաքարտերը խառնելու նախաձեռնութեան նպատակն է շրջանին մէջ նոր բռնապետութիւններ ստեղծել:
Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Լիբանան շրջանին միակ երկիրն է, որ համեմատաբար կը պահպանէ շրջանին ապահովական կայունութիւնը:
Ան ընդգծեց, որ Լիբանանի ապահովական ապակայունութենէն առաջին օգտուողն է Իսրայէլը:






«աքթ» բառին հայերէն տարբերակը ինչո՞ւ չի գործածուեցաւ: