Նախագահ Սլէյման Հանդիպումներ Ունեցաւ Ռաատի Եւ Քոնելլիի Հետ
By adminx - Thu Oct 25, 7:38 am
- 0 Comments
- 17 views
- Tweet
Email
Print
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատը, որ յայտնեց, թէ քննարկած են Ազգային երկխօսութեան նիստը յառաջաձգելու վերաբերող հարցեր: Ռաատ նշեց, որ իրենք պատրաստակամութիւն յայտնած են վերադառնալու Ազգային երկխօսութեան նիստին:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որ նախագահ Սլէյմանի ներկայացուց լիբանանեան բանակին արդիական զէնքեր տրամադրելու Ուաշինկթընի որոշումը:
Քոնելլի ընդգծեց, որ Փենթակոն պատրաստ է Լիբանանին տրամադրելու զինուորական օժանդակութիւն` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ կը զօրակցին նախագահ Սլէյմանի եւ լիբանանցի այլ ղեկավարներու, որոնք ճիգ չեն խնայեր արդիւնաւէտ կառավարական կազմ մը ունենալու:
Քոնելլի շեշտեց նաեւ, որ Ուաշինկթըն կը զօրակցի միջազգային ընտանիքին` Լիբանանի մէջ կայունութեան եւ անիշխանութեան մերժումին իր զօրակցութեամբ:
Ան եզրափակեց ըսելով, որ Միացեալ Նահանգներ յանձնառու են ազատ, անկախ եւ գերիշխան Լիբանանի:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց Աւստրալիոյ գաղթականներու հարցերու նախարար Քրիս Պոյն, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու փոխադարձ գործակցութեան հեռանկարները:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել, Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Ասիրի եւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ:
- 0 Comments
- 17 views
- Tweet
Email
Print




