Monday May 20, 2013

Պըրրի. «Կառավարութեան Հարցը Միայն Երկխօսութեամբ Կը Լուծուի»

By adminx - Thu Oct 25, 7:37 am

Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ հանգրուանը կարիքը ունի յաւելեալ գիտակցութեան, արթնութեան եւ նուազ կիրքերու, որովհետեւ անոնք ոչ մէկ տեղ կրնան հասցնել:

Պըրրի կոչ ուղղեց մեծամասնական դրական յարձակումի` աշխուժացնելու համար կառավարութեան աշխատանքները եւ հետապնդելու համար լիբանանցիներուն ծառայելու լաւագոյն ձեւերը:

Պըրրի շեշտեց, որ երկիրը անդամալուծելու բոլոր քայլերը մերժելի են` աւելցնելով, որ կառավարութեան հարցը միայն երկխօսութեամբ կարելի է լուծել եւ ոչ թէ օրէնսդրական աշխատանքը պոյքոթի ենթարկելով:

Պըրրի անհրաժեշտ նկատեց նաեւ Քարիւղի պեղման ազգային յանձնախումբին կազմութիւնը` շեշտելով, որ Լոնտոնի մէջ քարիւղի մարզին վերահսկող խորհուրդին կողմէ վերջերս կազմակերպուած խորհրդաժողովին ընթացքին հաստատուած է, որ Լիբանան քարիւղի հարստութիւն ունեցող կարեւոր երկիր մըն է:

Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց գաղթականներու հարցերու նախարար Ալաէտտին Թըրրոն եւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը:

Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահը շնորհաւորեց լիբանանցիները` Ատհայի տօնին առիթով եւ յայտնեց, որ ինք այդ առիթով շնորհաւորութիւններ պիտի չընդունի` նկատի ունենալով երկրին դիմագրաւած ներկայ ողբերգական իրավիճակը:

Leave a Reply

Advertisement