Wednesday Jun 19, 2013

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

By adminx - Thu Oct 25, 7:30 am

ԹՐԻՓՈԼԻԻ մէջ կացութիւնը համեմատաբար աւելի խաղաղ է: Ժապալ Մըհսենի եւ Պապ Թըպպանէի մէջ բանակը մնայուն ներկայութիւն է եւ անցարգելներ զետեղած է` հսկելու համար տիրող կացութեան:

ՊԷՅՐՈՒԹԻ ոստիկանութիւնը երէկ հաստատեց, որ մայրաքաղաքի բոլոր փողոցները բաց են եւ ապահովական կայունութիւնը վերահաստատուած է:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտնած է, որ ինք նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի կատարած յայտարարութիւններէն ընդվզած է:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ ինք ազգային միասնականութեան կառավարութիւն կազմելու ջանքերու մէջ է: Ան ընդգծեց, որ ինք կը մերժէ Լիբանանը անիշխանութեան մատնել:

ԶԱՀՐԱՆԻԻ մայրուղիին վրայ երէկ գտնուեցաւ ականներով լեցուն տոպրակ մը: Բանակի սակրաւորները, ստուգելէ ետք գտնուած տոպրակը, յայտնեցին, որ անոնք տարանջատուող ռումբերու մնացորդներ են եւ հին են ու անգործածելի:

ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի ընդհանուր քարտուղար Ուսամա Սաատ խստիւ դատապարտեց Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ կառավարութիւնը բռնի ուժով տապալելու ջանքերը:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Մոհամետ Սաֆատիի գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հերքեց շրջանառութեան մէջ դրուած այն տեղեկութիւնները, թէ Սաֆատի կառավարութենէն պիտի հրաժարի` նոյնիսկ եթէ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի չհրաժարի:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա յանձնառու է Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքացիական անվտանգութեան եւ յարանուանական սադրանքներուն ստուերը հեռացնելու երկրէն:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն մէջ նկատել տուաւ, որ պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 300 լ. ոսկիով, իսկ մազութին սակը սղած է 100 լ. ոսկիով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կազմակերպութեամբ Լիբանանի մէջ տեղի պիտի ունենան ցոյցեր, որոնք պիտի վերածուին նաեւ մագլցողական քայլերու:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մույին Մերեհպի Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան քաղաքական հարցերու պատասխանատու Ռիֆաաթ Իտը ուղղակի պատասխանատու նկատեց Թրիփոլիի մէջ կատարուելիք ցոյցին ընթացքին թափուելիք արեան:

ՀԱՆԴԻՊԵԼԷ ետք Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլի հետ, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի յայտնեց, որ Լիբանան ներքին եւ շրջանային կարեւոր վտանգներ կը դիմագրաւէ` աւելցնելով, որ երկրին ապահովական կայունութեան պահպանումը անհրաժեշտ է:

ԺԱՄԱԱ Իսալամիէ հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ ինք կը մասնակցի Թրիփոլիի մէջ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի դէմ կատարուող բաց նստացոյցին:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն Անթուան Նասրալլա հաստատեց, որ լիբանանեան ընդդիմութեան միլիսական վարուելակերպը բացայայտած է անոր իսկական դէմքը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի պատասխանատուներէն Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի բառին բուն իմաստով ձախողած է` աւելցնելով, որ ան երբեք չէզոք կեցուածք չի ցուցաբերեր:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի յայտնեց, որ հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի սպանութեան քաղաքականացումը անտրամաբանական է եւ Լիբանանի շահերուն չի ծառայեր:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ անկարելի է երկխօսութիւն կատարել քաղաքական այնպիսի խմբաւորումի մը հետ, որ հովանաւորած է Ուիսամ Հասանի սպանութիւնը եւ անոր դէմ կիրքեր հրահրած:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթընի հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը վճռակամ են կառավարութիւնը տապալելու իրենց որոշումին մէջ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը պատրաստ են մասնակցելու Ազգային երկխօսութեան նիստին:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերուն ընդհանուր քարտուղարութիւնը, գումարելէ ետք իր նիստը, շեշտեց, որ կառավարութեան մեկնումը Մարտ 14-ի պայմաններէն մէկն է` երկրին ապահովական կայունութիւնը վերահաստատելու իմաստով:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուալիտ Տաուք հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շեշտուեցաւ Լիբանանի մէջ ազգային միասնականութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը:

 

 

Leave a Reply

Advertisement